«Մոսկուա Պատմական Իրողութիւնները Խեղաթիւրելու Փորձերը Անընդունելի Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ցաւ յայտնեց, որ «պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու փորձերը մեր օրերուն հազուադէպ չեն»` ընդգծելով, որ «Մոսկուա զանոնք բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Մոսկուա կառչած կը մնայ այն տեսակէտին, որ պէտք է արդար եւ ապահով համաշխարհային համակարգ մը կառուցել, որ հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտին վրայ, ինչպէս նաեւ ջանայ միջազգային յարաբերութեանց բարոյական հիմքերը ամրապնդել:

Լաւրով նշեց, որ «պատերազմը յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ բռնութեան, ցեղային ատելութեան եւ ցեղասպանութեան հետեւանքները ի՛նչ են»:

 

Share this Article
CATEGORIES