Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի յանձնեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ուղղուած պահանջագիրը:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման յայտնեց, որ անհրաժեշտ է խորհուրդի նիստին օրինաւոր ըլլալու ներկայութեան պատկերին վերաբերող կանոնագրային յօդուածը փոփոխութեան ենթարկել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ջնջելու որեւէ որոշում Լիբանանը կը մղէ դէպի անիշխանութիւն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութենէն կը պահանջուի տալ քաղաքական որոշում մը, որ բանակին կ՛արտօնէ հարուածել ամէն տեսակի ապօրինութիւն, օրինազանցութիւն եւ զինեալ երեւոյթ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը փարատելու առումով: Շքըր կոչ ուղղեց բանակին երկաթեայ բազուկով հարուածելու` կանխարգիլելու համար երկրին դէմ նախապատրաստուող բոլոր սադրանքները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը այսօր պիտի սկսի նախկին նախարար Միշել Սմահայի եւ գնդապետ-զօրավար Ատնան Մամլուքի դատավարութեան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 200 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 100 լ. ոսկիի յաւելում:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումները զսպելու որոշ սկզբունքներ կան` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն եւս երկրին մէջ պիտի արձանագրուին ապահովական լուրջ միջադէպեր:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին յարաբերութեանց գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի կողմէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ հանդիպումը ջնջելու քայլը եւրոպական խիստ պատգամ է:

ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն խնդրած է իրեն զինուորապէս զօրակցիլ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, հարաւային Լիբանանի ճամբան կարմիր գիծ է:

«ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա սահմանին վրայ մուժահետներու յատուկ ջոկատ» անուանումով կազմակերպութիւն մը ստանձնեց անցեալ կիրակի օր Ռաս

Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան պատասխանատուութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ իրենք մնայուն գործակցութեան մէջ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ անոր դերակատարութեան քաղաքական հովանաւորութիւն ընծայել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց կեցուածքին մէջ միասնական են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջագիրը ոչինչ պիտի փոխէ` աւելցնելով, որ իրենք չեն կրնար ձեռնածալ մնալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանն է:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարն է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման փաստած է իր ազգային խիղճը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակի բանբեր Լուայ Մըքտատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաստատ գիտէ, թէ ինք Սուրիոյ մէջ յաղթանակներ չի կրնար ապահովել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը մերժէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը, ինչպէս նաեւ համոզուած է, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ պէտք է հեռացնել կառավարութեան կազմէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES