Շարպել. «Բանակը Որոշում Տուած Է Կրակելու Իւրաքանչիւր Զինեալի Վրայ»

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ բանակը որոշում տուած է կրակելու իւրաքանչիւր զինեալի վրայ:

Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները սկսած են Լիբանանի համար տագնապ դառնալ` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականներուն թիւը շրջանցած է մէկուկէս միլիոնը:

Շարպել մաղթեց, որ որեւէ հարցի պարագային քաղաքացիները երկրին ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցին` լուծելու համար խնդիրը:

Շարպել յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու թիւի աճին հետ, Լիբանանի մէջ աճ արձանագրած են նաեւ քրէական յանցանքներն ու գողութիւնները:

Ան աւելցուց, որ կառավարութեան մէջ համաձայնութիւն գոյացած է, որ սուրիացի ոչ մէկ յանցագործ յանձնուի սուրիական իշխանութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES