Վարչապետ Սալամ Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հեռանկարները
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Մարունի յայտնեց, որ Սալամի հաստատած է, որ այս հանգրուանին ինքն է ատակ վարչապետը, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի քաղաքացիական պատերազմի սեմին եւ կը դիմագրաւէ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական լուրջ կացութիւն, որ կարիքը ունի հանգստութիւն շնորհող կառավարութեան:
Մարունի շեշտեց, որ Սալամ վճռակամ է նոր կառավարութեան կազմութեան առումով եւ աւելցուց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ երեսփոխան Խտըր Հապիպ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական բեմերը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ անոր վիրաբուժութեան ենթարկուելուն առիթով բարի ապաքինում մաղթեց:


