«Զօր. Միշել Սլէյմանը Պիտի Հետապնդենք Գերագոյն Դաւաճանութեան Հարցով» Շեշտեց Քանսօ

Պաաս կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ասեմ Քանսօ երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ Սուրիոյ դէմ բողոքելու քայլը հակասահմանադրական է, եւ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այդ քայլը առած է շրջանցելով նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Քանսօ շեշտեց, որ իրենք մեկնելով լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց յանձնառութենէն, սահմանադրութեան եւ օրինականութեան հիման վրայ նախագահ Սլէյմանը պիտի հետապնդեն գերագոյն դաւաճանութեան հարցով:

Share this Article
CATEGORIES