Միքաթի Կոչ Ուղղեց Վերադառնալու Ազգային Երկխօսութեան
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ինթըրնեշընըլ քոլեճի ամավերջի հանդէսին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը որքան ալ սրի, անոնց ճակատագիրն է վերադառնալ ազգային երկխօսութեան` առանց արտաքին տուեալներու վրայ գրաւ դնելու:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուաններէն մէկը կ՛ապրի` աւելցնելով, որ պէտք է անշեղ մնալ չէզոք կեցուածքէն, որովհետեւ Լիբանանին չվերաբերող հարցերուն միջամուխ դառնալը Լիբանանը յաւելեալ չարիքի պիտի ենթարկէ:
Միքաթի ըսաւ, որ լիբանանեան գոյացութիւնը ենթարկուած է վտանգի եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու` լուծելու համար երկրին հարցերը:
Նշենք, որ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Փարթըլեմ Աւստրալիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր քարտուղարը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ:


