Պըրրի Մտահոգութիւն Յայտնեց Երկրին Զանազան Շրջանները Փոխադրուող Ապահովական Միջադէպերուն Առնչութեամբ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց երկրին զանազան շրջանները փոխադրուող ապահովական միջադէպերուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` երկրին սպառնացող բոլոր փորձերուն վերջ տալու համար:
Պըրրիի այցելող երեսփոխանները նշեցին, որ ան կը սպասէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումի վիճարկումին կապուած հարցին յստակացումին, որպէսզի վերսկսի խորհրդարանի աշխատանքին:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատած է նաեւ, որ ինք այսօր կամ վաղը պիտի վերսկսի կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն:
Պըրրի զինք այցելող երեսփոխաններուն ցրուեց «Յիսուս Քրիստոսի ուղիով» գիրքը` գիրքէն օրինակ մըն ալ վերապահելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Արիտի շեշտեց, որ իրենք Պըրրիի հետ մնայուն կերպով գործած են քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ պահելու միտումով:
Ան աւելցուց, որ Պըրրիի հետ գործակցութիւնը յանգած է բազմաթիւ որոշումներու եւ կեցուածքներու, որոնք պահպանած են Լիբանանը:
Ան կոչ ուղղեց յաւելեալ ճիգ ի գործ դնելու` Լիբանանը ապահովական միջադէպերէ փրկելու համար:
Արիտի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Սահմանադրական խորհուրդի ոչ մէկ անդամի վրայ ճնշում բանեցուցած է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական ներկայ իրավիճակին պայմաններուն մէջ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նամակ մը յղած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ անոր յայտնած, որ եթէ ան անպայման կը փափաքի 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարել, ապա իրենք պատրաստ են` աւելցնելով, որ այդպիսով իրենք կարիք չեն ունենար ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով ջանքեր ի գործ դնելու:


