Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սամիր Մուքպելը Եւ Մարոնի Համայնքի Արտերկրի Առաջնորդները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարական որոշ յանձնախումբերու ստանձնած աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի արտերկրի առաջնորդները, որոնք յայտնեցին, թէ տարբեր գաղութներու մէջ արտերկրի լիբանանցիները կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահին ազգային եւ գերիշխանական կեցուածքներուն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ յաջորդող հանգրուանը: Հարպ շեշտեց քաղաքական ուժերուն միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը չէզոք պահել այլոց տագնապներէն, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներէն:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նախկին նախարարներ Խալետ Քապպանի եւ Իպրահիմ Նաժժար:


