Սայտայի Մէջ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Եւ Իւրաքանչիւր Կողմ Իր Մեկնաբանութիւնը Կը Կատարէ
Սայտայի մէջ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն, ամայութիւն եւ բանակին կողմէ խիստ հսկողութիւն` իբրեւ հետեւանք նախանցեալ օրուան զինեալ միջադէպերուն:
Ապահովական միջադէպերուն լոյսին տակ Սայտայի ապահովական խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին արգիլեց Սայտայի մէջ զինեալ երեւոյթները եւ կոչ ուղղեց Սայտայի հեղինակութիւններուն զինեալներուն տրամադրուած զօրակցական ծածկը թօթափելու:
Սայտայի ապահովական խորհուրդը որոշեց շարունակել Սայտայի մէջ խիստ հսկողութիւն բանեցնող ապահովական կառոյցներու շրջուն ջոկատներուն աշխատանքը:
Սայտայի միւֆթի Սելիմ Սուսան հանդիպում մը ունեցաւ Սայտայի Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտի հետ: Քննարկուեցան Սայտայի իրադարձութիւնները եւ շեշտուեցաւ Սայտայէն նման միջադէպեր հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Շէյխեր Սուսան եւ Համմուտ ընդգծեցին Սայտայի դէմ նման սադրանքներ կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Համմուտ շեշտեց, որ շէյխ Ահմետ Ասիր պատասխանատու է նախանցեալ օրուան բոլոր բախումներուն` նկատել տալով, որ Սայտայի մէջ պատահածը Ասիրի կողմէ ռազմափորձ մըն էր` հետագային պատահելիք իսկական բախումներուն:
Շէյխ Սուսան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըզրի մերժեց Սայտան սադրանքներու թիրախ դարձնելու բոլոր փորձերը:
Իր կարգին, շէյխ Սուսան շեշտեց, որ Սայտա թշնամի չունի, բացի Իսրայէլէն. ան ընդգծեց, որ Սայտան պիտի մնայ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ:
Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ կէսօրէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ շէյխ Ասիրի նախաձեռնած քայլերը Սայտայի եւ հարաւային Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ կը դարձնեն:
Սաատ ըսաւ, որ շէյխ Ասիրէն բացի, Սայտայի մէջ նախանցեալ օր պարզուած իրավիճակին պատասխանատու են շրջանին քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւնները, որոնք շէյխ Ասիրին ապահովութիւն եւ հովանաւորութիւն ընձեռած են:
Սաատ յայտնեց, որ շէյխ Ասիրի զինեալ հետեւորդներուն կողքին Սայտայի մէջ երէկ դիրքեր բռնած են եւ ճամբաները փակելու գործողութեան օժանդակած սուրիացիներ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ժամաա Իսլամիէի զինեալներ:
Սաատ դրուատեց Այն Հելուէի ղեկավարութիւններուն կեցուածքները` աւելցնելով, որ Նասըրական շարժումը զինեալ ոչ մէկ թեւ ունի:
Սաատ կոչ ուղղեց վերջ տալու յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումին` հաստատելով քաղաքական եւ կրօնական բազմազանութիւնները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Աւելի ուշ Մուսթաքպալ հոսանքի Սայտայի մասնաճիւղը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց Ուսամա Սաատի ամբաստանութիւնները` զանոնք նկատելով անհիմն եւ անճիշդ տեղեկութիւններ, որոնց նպատակը ծանօթ է բոլորին:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը յանձնառու է Սայտայի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումին:
Միւս կողմէ, Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք «Սայտայի մէջ հալածանքի եւ բռնարարքի կ՛ենթարկուին` շեշտելով, որ իրենք Սայտայի մէջ փոքրամասնութիւն են: «Սակայն մենք երբեք չէինք պատկերացներ, որ Սայտայի բնակչութիւնը կը ռմբակոծէ մեզի», ըսաւ ան:
Շէյխ Ասիր շեշտեց, որ Սայտայի մէջ բանակը ներկայ է պաշտպանելու Հըզպալլայի բնակարանները, որոնք զէնքի մթերանոցներ են: Ան աւելցուց, որ «Սայտայի մէջ գտնուող Հըզպալլայի այդ բնակարանները պայթուցիչի համազօր են, եւ յոյսով ենք, որ երկուշաբթի օր անոնք կը փակուին»:
Շէյխ Ասիր յայտարարեց, որ այդ բնակարանները իրենց համար հիմնահարցեր են, եւ իրենք ունին բազմաթիւ ընտրանքներ, որոնցմէ է զինուորական լուծումը:
«Մենք կ՛ուզենք լիբանանեան բանակ մը, որ այս կամ այն լիբանանեան կողմին համար չէ, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն», ըսաւ շէյխ Ասիր:
Ան ցաւ յայտնեց, որ բանակին հաղորդագրութիւնը նշած է, թէ նախանցեալ օրուան դէպքերուն պատճառը ինքնաշարժի արկած մըն է: «Ինչպէ՞ս հաւատանք բանակին եւ անոր հրամանատարութեան», հարց տուաւ շէյխ Ասիր:
Նշենք, որ շէյխ Ասիրի տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին շրջափակին մէջ զինեալ երեւոյթներ նշմարուած են եւ ուրախութեան կրակոց արձանագրուած է:

