«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ Պարտադրեց Ճակատագրական Վերջին Մրցումը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը ուղղուեցաւ դէպի եօթներորդ եւ վերջին մրցումը` նկատի ունենալով, որ Մայեմի Հիթ վեցերորդ մրցումին երկարաձգման ընթացքին 103-100 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Սան Անթոնիօ Սփըրզի պարտադրեց ճակատագրական եւ ախոյեան խումբին անունը վճռող մրցումը:

Երէկուան այս մրցումին Հիթի մաս կազմող Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ, մինչ Թիմ Տանքըն (Սփըրզ)` 30 կէտ:

Անոնց միջեւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` Մայեմիի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES