Հարաւային Քորէայի Ֆութպոլի Մարզիչը Հրաժարեցաւ
Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Սհուա Քանկ-Հի տուաւ իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ:
Թէեւ Հարաւային Քորէա յաջորդաբար ութերորդ անգամ ըլլալով ապահովեց Մոնտիալի աւարտականի հանգրուանին իր տոմսը, սակայն անիկա այս անգամ այդ տոմսը ապահովեց կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ միայն:
Այս պատճառով ալ մարզիչը ներկայացուց իր հրաժարականը` ըսելով, որ ինք իր առաքելութիւնը կատարեց` իր կազմին Պրազիլի տոմս մը ապահովելով:
Նշենք, որ ան իր պաշտօնը ստանձնած էր դեկտեմբեր 2011-ին:
Այժմ ֆետերասիոնը նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսաւ` զօրաւոր կազմով մը մեկնելու համար Պրազիլ:
Ըստ տեղական մամուլին, անոր յաջորդը պիտի ըլլայ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հոնկ Միոնկ-Պօ:

