Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Պիտի Մասնակցի Սինքուեֆիլի Քափի Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սինքուեֆիլտ Քափի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 9-15 սեպտեմբերին` Ս. Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):

Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մակնիւս Քարլսըն, Հիքարու նաքամուրա եւ Կաթա Քամսքի:

Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր գումարը կը կազմէ 170 հազար ամերիկեան տոլար:

Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ երկու հանգրուանով:

Share this Article
CATEGORIES