Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Տենիս Թումասեան Ընտրուեցաւ 2012-2013 Տարեշրջանի Լաւագոյն Յետսապահը
Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2012-2013 տարեշրջանի ֆութպոլիստներուն անունները:
Armfootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս որոշուած են լաւագոյն բերդապահի, յետսապահի, միջնապահի, յառաջապահի, մարզիչի, երիտասարդ ֆութպոլիստի եւ տարուան յայտնութեան անունները:
Լաւագոյն յետսապահ ճանչցուած է Եքաթերինպուրկի Ուրալի խմբապետ Տենիս Թումասեան: Ան կատարած է 22 մրցում (Բոլորն ալ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով) եւ նշանակած 6 կոլ: Լաւագոյն յառաջապահը ընտրուած է ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկու Սպարտակ Կոկնիեւ:
Նշենք, որ Ուրալի մաս կը կազմէ եւ բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Էդկար Մանուչարեան:
CATEGORIES Մարզական


