Հենրիխ Մխիթարեանի Փոխանցման Հարցը Լուծուած Է 60 Առ Հարիւրով
«Հենրիխ Մխիթարեան բացառիկ յատկութիւններ ունեցող ֆութպոլիստ մըն է, որ կրնայ խաղալ տարբեր դիրքերու վրայ», կը յայտնէ Goal.com-ը:
Հեղինակաւոր կայքէջը նոյնպէս անտարբեր չմնաց Շախտիոր Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 24 տարեկան միջնապահին` անգլիական Լիվըրփուլ տեղափոխութեան մասին իր հրապարակած լուրով:
«Լիվըրփուլի կատարելիք մեծ իրագործումը պիտի ըլլայ այն, երբ Մխիթարեան, որ դաշտին վրայ կրնայ ստանձնել տարբեր դիրքեր, միանայ իր կազմին: Ան արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարածքին: Արդէն իսկ, երկու ակումբները կը բանակցին իրարու հետ, եւ անոր փոխանցումը կրնայ տեղի ունենալ փոխան 22 միլիոն փաունտի, կարելի է ըսել, որ անոր փոխանցման հարցը լուծուած է 60 առ հարիւրով», կը յայտնէ Goal.com-ը:
CATEGORIES Մարզական

