Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Իր Կազմին Միացուց Երեք Ֆութպոլիստ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեան Ալաշկերտ իր կազմին միացուց երեք ֆութպոլիստ: Անոնք են` բերդապահ Էդուարդ Յովհաննիսեան (Ուլիս), յետսապահներ Սարգիս Նասիբեան (Գանձասար) եւ Արամ Յովսէփեան (Քինկ Թէլիուքս):

Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ վերոնշեալ երեք մարզիկները իրենց պայմանագրութիւնը ստորագրեցին 18 յունիսին:

Ալաշկերտ իր կազմը կը զօրացնէ, որպէսզի նոյն այդ լաւ արդիւնքները արձանագրէ նաեւ բարձրագոյն դասակարգին մէջ:

Ներկայ հանգրուանին նոյնիսկ արտասահմանէն խումբին փորձերուն կը մասնակցին բազմաթիւ մարզիկներ, որոնցմէ պիտի ընտրուին լաւագոյնները:

 

Share this Article
CATEGORIES