Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Մատինեան Եւ Մնացականեան` Արծաթէ Մետալակիր

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչները ունեցած են յաջող ելոյթներ:

Արծաթէ մետալներու տիրացած են Վահէ Մատինեան (50 քկ) եւ Տիգրան Մնացականեան (69 քկ):

Մրցանակակիր դառնալու մօտ էր Նայիրի Ղարսեան (42 քկ), սակայն ան իր ելոյթը աւարտած է 5-րդ դիրքին վրայ:

Այսօր մրցասպարէզ պիտի ելլեն Հայաստանի հաւաքականի հինգ ըմբիշներ:

 

Share this Article
CATEGORIES