Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր կողմէ նոր յայտնաբերում մը պիտի փոխէ կեանքին հանդէպ ձեր ունեցած իմացումը եւ կեցուածքը: Ինքնավստահութիւնը ձեզ յառաջ պիտի մղէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւատեսութեամբ տոգորուած էք, ինչ որ ձեր իրաւունքն է: Պիտի կարենաք ճշգրտութեամբ կիրարկել այն ամէնը, զոր պիտի իրագործէք այսօր: Ունիք նաեւ նիւթական ապահովութիւն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբեմն կը մոռնաք ձեր անձնականը եւ կը հետեւիք հաւաքական գործունէութեան եւ անոնց շահին: Այսուհանդերձ, մնացէք նաեւ ունկնդիր ձեր պահանջին, որպէսզի հաւասարակշռուի կեանքի ընթացքը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախքան շաբաթավերջի ձեր պտոյտը` աւարտեցէք ձեր թղթածրարին աշխատանքները, որպէսզի անհոգ մնաք, ուրախութեան պահերը մտահոգութեամբ չխանգարուի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիպային կեցուածք մը ցուցաբերեցէք, որպէսզի փափուկ եւ մեղմ արտայայտութեամբ կարենաք գրաւել ձեր սրտին ուզածը: Շաբաթավերջը լաւ պիտի անցնի, ըստ ձեր ճաշակին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ չէք կրնար կեդրոնանալ որոշ աշխատանքի մը վրայ, դադար մը առէք, հանգստացէք, պիտի տեսնէք, թէ աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք պիտի ունենաք: Օրը նպաստաւոր է եւ շահաւէտ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ժամանակը պիտի անցընէք պատանի տարիքի փոքրերուն հետ: Պիտի սիրէք երաժշտութեան պահեր ունենալ անոնց հետ` իբրեւ դաստիարակիչ ժամանց: Ուրախ պիտի ըլլաք եւ լաւատես:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքին պիտի միացնէք հաճելի եւ զուարթ պահեր, պիտի արժանանաք շնորհաւորութեան եւ քաջալերանքի: Աշխատանքը պիտի ընթանայ դիւրին իրագործումներով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կեանքին միշտ միացուցէք հաճոյքը կամ բարի տրամադրութիւնը: Ձեզմէ հեռացուցէք ձախողելու միտքը եւ միշտ նայեցէք դէպի առաջ, յաջողութեան նպատակով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ անքնութենէ կը տառապիք, առէք հանդարտեցնող դեղահատ մը կամ խմեցէք հանդարտեցնող տաք ըմպելի մը` բոյսերէ կազմուած: Երեկոները մի՛ դիտէք ջղագրգիռ տեսարաններ ցուցադրող պատկերասփիւռային տրամ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրախ մթնոլորտի մէջ բարեկամներու հետ հանդիպում մը պիտի փարատէ ձեր հոգերը: Ուրեմն առիթ պիտի ունենաք չափաւորելու ձեր կենցաղային հարցերը դասաւորելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ փորձեցէք ձեր բախտը, որպէսզի յաջողութիւնը մօտենայ ձեզի լաւ ձեւով: Առանց աշխատանքի եւ հետապնդումի` ոչինչ կ՛ունենաք:

Share this Article
CATEGORIES