50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1963)

Մեր Զաւակները
Օտար Դպրոց Ղրկե՞նք

Չենք գիտեր, թէ մեր զաւակները ի՛նչ պիտի սորվին օտար նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ, աւելի քան` մեր հայկական վարժարաններուն մէջ, սակայն մեծապէս կը վախնանք, որ անոնք օտար վարժարաններու մէջ պիտի կորսնցնեն կարգ մը թանկագին գանձեր, որոնք անհրաժեշտ են իրենց անհատականութեան կազմութեան մէջ:

Մեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը կարգ մը անբռնաբարելի սկզբունքներու վրայ կը կենայ, զորս կ՛ուզենք ուշադրութեանը յանձնել մեր յարգելի ծնողներուն:

1.- Երբ մեր զաւակները փոքր տարիքէն օտար վարժարան մը ղրկենք, անոնք իրենք զիրենք պիտի գտնեն բոլորովին օտար միջավայրի մը մէջ. ամէն ինչ տարբեր պիտի գտնեն հոն այն ընտանեկան, եկեղեցական, ազգային միջավայրէն, որուն վարժուած էին: Եւ ահա երկուութիւն մը պիտի ստեղծուի անոնց կեանքին մէջ` երկու տարբեր մշակոյթներ եւ սովորութիւններ, երկու տարբեր ապրելակերպեր եւ խօսակցութիւններ, եւ այս այն տարիքին, երբ իրենք կարող չեն հաւասարակշռութիւն պահել: Եւ ահա այլանդակ վիճակի մը պիտի մատնուին մեր սրտահատորները եւ հոգեկան ճնշում մը պիտի զգան, եւ ներքին, լուռ տառապանք մը պիտի համակէ զիրենք:

2.- Մանկան մը մէջ իրական դաստիարակութիւնը կրնայ հիմնուիլ իր ունեցած ցեղային եւ ընտանեկան արժէքներուն գիտակցութեան վրայ: Մեր ինքնութեան եւ մշակոյթին գիտակցութեան վրայ է, որ կրթութիւնը իր խարիսխը կրնայ նետել: Օտար դպրոցի մը մէջ բոլորովին աննկատ կը ձգուին մեր արժէքները, որով դաստիարակութիւնը կը վերածուի առանց հիմի գիտութիւն ամբարելու, որ մեծ արժէք չի կրնար ունենալ:

3.- Երբ մանուկ մը փոքր տարիքէն օտար վարժարան երթայ, կամայ թէ ակամայ ուժ պիտի տայ իր առած նիւթերը գոց սորվելու, որպէսզի կարենայ իր առած դասերուն «հետեւիլ», եւ բարձր նիշ ապահովել: Ու այս ճիգը մեծ վնաս կու տայ անոր մտածելու կարողութեան, որ հիմն իսկ է անհատականութեան:

4.- Մենք կը պատկանինք ազնիւ ցեղի մը եւ ամէն իրաւունք ունինք հպարտ զգալու մեր արմենական ցեղին պատմութեամբ եւ անոր արտադրած մշակոյթով: Սակայն մեր զաւակները երբ օտար վարժարան յաճախեն, հոն կը շրջապատուին մեծ թիւով օտար աշակերտներով, որոնք նախատալից եւ արգահատական ակնարկներ կը սկսին նետել մեր զաւակներուն վրայ, եւ ահա մեր սրտահատորները կը սկսին իրենք զիրենք անզօր, տկար, ստորադաս զգալ: Այս ստորադասութեան զգացումը քայքայումն իսկ է անոնց անհատականութեան եւ արժանապատուութեան:

***

Այժմ մեզի` ծնողներուս կը մնայ որոշել, թէ ո՞րը կը նախընտրենք մեր զաւակներուն համար. օտար լեզուի մը մէջ հմտութի՞ւն, թէ՞ անոնց առողջ դաստիարակութիւնը եւ հաւասարակշիռ անհատականութիւն:

Մ. Յ. ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

«Ջանասէր»

 

Կաթողիկոսարանի Տողաշար
Մեքենային Բացումը

Երէկ` հինգշաբթի, 20 յունիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանին նուիրած տողաշար մեքենային պաշտօնական բացումը:

Ներկայ էին Փորթուգալի դեսպանն ու դեսպանատան գործավարը, պետական հայ երեսփոխանները, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի Կրթական մարմինի անդամները, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:

Ներկաները ականատես եղան մեքենայի աշխատանքին, որ վերջնականապէս հաստատուած էր տպարանէն ներս:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Տպարանի տեսուչ, Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց: Շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիզպոնի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկայ հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին բացման այս հանդիսութիւնը:

Ապա վեհը խօսք առնելով` օրհնեց յիշատակը մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES