Ուրախ Ճարտարարուեստ Մը. Խնդուքը` Մարդկային Հաւաքականութիւններու Մածո՞յցը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ի՞ՆՉ Է ԿԱՊԸ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ՈՂՆԱԾՈՒԾԻՆ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴՐՈՒՈՂ ՋՂԱՔԻՄԻԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ԽՆԴՈՒՔԻՆ ԴԵՐԸ ԿԸ ՏԱՆԻ ՆՈՅՆԻՍԿ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՀԵՌՈՒ, ՄԻՆՉԵՒ` 2 ՄԻԼԻՈՆ ՏԱՐԻ ԵՏ:

Բոլոր կապիկները կը խնդան, սակայն միայն մարդիկը լիաթոք կը ծիծաղին:

Օքսֆորտ համալսարանէն ուսումնասիրողներ կը մտածեն, թէ լիաթոք խնդալը կանուխ ժամանակներու մարդկային ցեղին յատուկ յատկանիշ մըն էր:

Անոնք կը հաւատան, թէ խնդուքը օգնած է, որ մեր նախահայրերը յաջողին կազմել աւելի մեծ ցեղախմբային հաւաքականութիւններ, քան` իրենց շրջապատին մէջ ապրող կապիկանման այլ անասնատեսակները:

Ուսումնասիրողները նախ քննած են կամաւորներու ցաւի դիմադրողականութեան աստիճանները:

Կամաւորները բաժնուած են երկու խումբերու: Առաջին խումբը 15 վայրկեան դիտած է կատակերգական տեսերիզներ, իսկ միւս խումբը դիտած է ձանձրացուցիչ տեսերիզներ, ինչպէս` կոլֆի յայտագիրներ:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ անոնք, որոնք լիաթոք խնդացած են, կատակերգական տեսերիզները դիտելէ ետք 10 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի դիմադրած են ցաւի, բաղդատած` դիտելէ առաջ իրենց ցուցաբերած դիմադրականութեան:

Գիտնականները զարմացած են, երբ նկատած են, թէ միւս խումբը նուազ դիմադրականութիւն ցոյց տուած է ցաւի դէմ` դիտելէ ետք «ձանձրացուցիչ» յայտագիրները:

Խնդուքին տեսակը եւս կարեւոր է: Ջղային խնդուքը եւ պարզապէս «հի հի» խնդալը հոգեբանական ոչ մէկ ներգործութիւն կ՛ունենան: Միայն լիահագագ խնդուքն է, որ արդիւնաւէտ է:

Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս Ռոպին Տանպար, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը, կը հաւատայ, թէ անհակակշռելի խնդուքը մեր մարմնին մէջ կը խթանէ ցաւի դէմ պայքարող ջղաքիմիական նիւթերու արտադրութիւնը, որ երանութեան թեթեւ զգացում մը պարգեւելու կողքին, նաեւ կը բթացնէ ցաւերը:

«Թոքերուն պարպումով է, որ կը ստեղծուի այս ներգործութիւնը», կ՛ըսէ ան:

«Ճիշդ այս ներգործութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ կ՛ըսենք` «խնդալէն կողերս ցաւեցան»: Կը թուի, թէ նման խնդուք մը սուր ցաւ կը պատճառէ, եւ այս ցաւն է, որ կը խթանէ ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթերուն արտադրութիւնը»:

Սակայն Տանպարի համաձայն, կատակերգական բոլոր յայտագիրները նոյն ներգործութիւնը չեն ունենար:

Կը թուի, թէ կոպիտ երգիծանքին ներգործութիւնը շատ աւելի ազդու է` բաղդատած խելացի եւ սրամիտ կատակերգութիւններուն, թէեւ անոնք հաճելի կը թուին ամէն պարագայի, սակայն ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն ցաւի դէմ դիմադրականութիւնը աւելցնելու:

«Ազդու են կոպիտ կատակերգութիւնները, ինչպէս` «Մըսթըր Պին»,- կ՛ըսէ Տանպար:- Կը թուի, թէ մասնաւորաբար յաջող են մարդկային վիճակներ պատկերող կատակերգութիւններ, ինչպէս` «Ֆրենծ»:

Ուսումնասիրողները չեն չափած ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթերուն արտադրութեան համեմատութիւնը, որովհետեւ այս մէկը կ՛ենթադրէ հեղուկ առնել կամաւորներուն ողնածուծէն: Գործընթաց մը, որ անմիջապէս ժպիտը պիտի անհետացնէր անոնց դէմքէն եւ հաւանաբար փոփոխութեան ենթարկէր արդիւնքները, ինչպէս կ՛ըսէ Տանպար:

Փոխարէնը` ուսումնասիրողները քննած են իւրաքանչիւր կամաւորի ցաւի դիմադրելու սահմանը:

Օրինակ, սառով լեցուն տոպրակ մը կապած են կամաւորներուն թեւին` տեսնելու համար, թէ որքա՛ն պիտի դիմանային անոնք:

Կամաւորներուն դիմադրականութեան զօրացումին համեմատութիւնը հաւասար էր ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթերուն արտադրութեան համեմատութեան:

Տանպարի ուսումնասիրութեան նպատակը նոր դարման մը յայտնագործել չէ: Ան կը ձգտի պեղել խնդալու դերը` երկու միլիոն տարի առաջ մարդկային հաւաքականութիւններու կազմաւորումին մէջ:

Բոլոր կապիկները կը խնդան, սակայն միայն մարդիկը լիաթոք կը ծիծաղին եւ կ՛արտադրեն ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթեր:

Տանպարի տեսութիւնը այն է, թէ ցաւը մեղմացնելու կողքին, ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթերը մարդիկը աւելի հակամէտ կը դարձնեն զգացական կապեր հաստատելու իրարու հետ:

«Նկատեցինք, թէ խնդալը շատ տարօրինակ բան մըն է», կ՛ըսէ ան:

«Այնքա՛ն ժամանակ կը յատկացնենք մեր խօսակցութիւններուն ընթացքին խնդուք պատճառելու եւ խնդալու, որ կը թուի, թէ անիկա մեր առաջին նպատակակէտն է»:

«Այս հանգրուանին մեր նպատակն է ցոյց տալ, թէ այո՛, խնդուքը կը խթանէ ցաւի զգացումին դէմ պայքարելու ծառայող ջղաքիմիական նիւթերու արտադրութիւնը»:

«Յաջորդ հանգրուանին պիտի փորձենք ուսումնասիրել, թէ արդեօք խնդալը իրապէս կը նպաստէ՞ զգացական կապեր ստեղծելու հաւաքականութեան մը անդամներուն միջեւ` առիթ տալով աւելի արդիւնաւէտ խմբային աշխատանքի եւ առատաձեռնութեան», կը նկարագրէ ան:

Եթէ ճիշդ է այս վարկածը, ապա անիկա կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ շուրջ 2 միլիոն տարի առաջ առաջին նախամարդը յաջողած է կազմել մինչեւ 100 հոգիէ բաղկացած ցեղախմբային հաւաքականութիւններ, մինչդեռ կապիկները եւ կապիկանման այլ արարածներ, որոնք գոյութիւն ունէին այդ ժամանակներուն, յաջողած են կազմել հազիւ 50 հոգիէ բաղկացած հաւաքականութիւններ:

Այս տեսութիւնը կը ստեղծէ խարոյկի մը շուրջ հաւաքուած եւ իրարու հետ խնդացող նախահայրերու պատմութիւն մը, ուր ծնունդ առած են խնդուք պատճառելու նպատակով կապկող առաջին հտպիտները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES