Ուրախ Ճարտարարուեստ Մը. Ի՞Նչ Կը Պատահի, Երբ Լիաթոք Կը Խնդանք
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՒՂԵՂԸ
Երբ կը լսենք ծիծաղաշարժ խօսք մը, ուղեղը անմիջապէս գործի կը լծէ մտածումի, մկաններու շարժումի եւ զգացումի իր կեդրոնները, որոնք բոլորն ալ կ՛եզրակացնեն` «Այս ի՛նչ ծիծաղաշարժ բան մըն է»: Մեր աչքերուն եւ այտերուն մկանները կը սկսին ընդոստ կծկուիլ:
Մեր «վերնատունը» նշան մը կ՛ուղարկէ ուղեղին այն մասին, որ պատասխանատու է թոքերու գործունէութեան, ինչպէս` շնչառութեան եւ խնդալու:
ԹՈՔԵՐԸ
Ստոծանին (տայըֆրամ) եւ կուրծքին մկանները կը պրկուին եւ կը ստիպեն, որ օդը դուրս գայ մեր թոքերէն: Այս օդը շնչափողէն դուրս կը խուժէ, կը փչէ կոկորդին մէջ: Մեր ձայնալարերը կը սկսին թրթռալ եւ կ՛արձակեն կարճ, անսանձ ձայնաւոր հնչիւններ, ինչպէս` հա՛ հա՛ կամ հօ՛ հօ՛:
ԱՉՔԵՐԸ
Ինչ որ կը լսենք, եթէ իրապէ՛ս շատ ծիծաղաշարժ է, մեր աչքերը կը սկսին ջրոտիլ:
ՍԻՐՏԸ
Թոքերէն օդի յանկարծակի ելքը կը ստեղծէ թթուածինի անմիջական կարիքը: Սիրտին զարկերը եւ արեան ճնշումը կը բարձրանան` յաւելեալ թթուածին հասցնելու համար մարմնին ներքին գործարաններուն:
ՄԿԱՆՆԵՐԸ
Մինչ դէմքին եւ սիրտին մկանները կը պրկուին, անդին` մարմնին մնացեալ մկանները կը թուլնան կամ նուազ կապ կը պահեն իրարու հետ: Հետեւաբար անկարելիութիւն կը դառնայ ուղղաձիգ քալելը` լիաթոք խնդալու ժամանակ:
Փորին մկանները եւս կը սկսին աշխատիլ, որպէսզի օդը դուրս մղեն, ինչ որ կը նպաստէ քանի մը ջերմուժ կորսնցնելու:
ԳԵՂՁԵՐԸ
Կողերը բռնելու աստիճան խնդալը կը նպաստէ ցաւի զգացումը չէզոքացնող ջղաքիմիական նիւթերու արտադրութեան, որոնք յաճախ կը խթանուին մարզանքով: Հետեւաբար ցաւի մեր դիմադրականութիւնը կ՛աւելնայ, գէթ` ժամանակաւոր կերպով:
Երկար խնդալը նաեւ կրնայ նուազեցնել հոգեկան լարուածութեան յատուկ քորթիզոլ հորմոնին արտադրութիւնը, ինչ որ լաւ բան մըն է, որովհետեւ քորթիզոլի բարձր քանակութիւնը կ՛առնչուի յոգնութեան եւ ընկճուածութեան հետ:
ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ճիշդ է` խնդուքը վարակիչ է: Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, թէ անիկա եղափոխուած է իբրեւ մարդկային յարաբերութեան մեքենական դրութիւն մը: Եթէ ճիշդ է այս, ապա խնդալը կրնայ օգնել, որ երկու անձեր զգացական կապ մը հաստատեն իրարու հետ:
(ԱՂԲԻՒՐ` «ՎՈՒՄԸՆ՛Զ ՀԵԼԹ»)

