Ուրախ Ճարտարարուեստ Մը. Խնդալը` Լաւագոյն Դեղը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
Ի ԶՈՒՐ ՉԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԽՕՍՔԸ: ԼԻԱՀԱԳԱԳ ԽՆԴԱԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼԸ ԱՅՍՕՐ ԴԱՐՁԱԾ Է ԼՈՒՐՋ ԱՍՊԱՐԷԶ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԼԱՒ ԽՆԴՈՒՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ԱՆՀԱՄԱՐ ԲԱՐԻՔՆԵՐ:
Առաւօտ կանուխ ժամը 7:00-ին դուրս պիտի գայի՞ք ձեր անկողինէն, հեռաձայնը առնելու եւ խնդալէն մարելու համար բոլորովին օտար անձերու հետ: Իսկ այս առանձնաշնորհումը վայելելու համար ամսական 6 փաունտ պիտի վճարէի՞ք: Ասիկա միայն մէկն է այն բազմաթիւ սպասարկութիւններէն, որոնց կը դիմեն հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձեր, ինչ որ յստակ ցուցանիշ մըն է, թէ խնդուքը կը վերածուի ճարտարարուեստի:
Թերեւս այս մէկը կրնայ թուիլ մարդկային ամէնէն անլուրջ զբաղումը, սակայն առեւտրական ընկերութիւններ, դպրոցներ, վարուելակերպի մասնագէտներ, կրօնական առաջնորդներ եւ առողջապահութեան մարզին մէջ ծառայողներ յանկարծ լծուած են մարդիկը խնդացնելու աշխատանքին:
Մինչ հետզհետէ կը բազմանան լաւ խնդուքի մը առողջական բարիքները ապացուցող ուսումնասիրութիւնները, անդին` հետզհետէ կը բազմանայ թիւը այն անձերուն, որոնք կը դիմեն «խնդալու եոկայի», խնդալու փառատօներու, հեռաձայնով խնդալու ակումբներու, խնդուքով հրահրուած կրօնական արարողութիւններու եւ խնդուքի հաւաքական վարժութիւններու:
Բրիտանիոյ Խնդուքի ցանցը (լաֆթըր նեթուըրք), որ մեծ մասամբ կը բաղկանայ խնդալու եոկայի ուսուցիչներէ, ընկերային ծառայողներէ եւ մտային առողջութեան մասնագէտներէ, 9 տարի առաջ իր հիմնադրութենէն ի վեր եռապատկած է իր անդամներուն թիւը:
Մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս` Պարքլէյզ եւ խորհրդատուական Էռնսթ էնտ Եանկ հաստատութիւնը իրենց պաշտօնեաները արձանագրած են խնդալու հաւաքական վարժութիւններ կազմակերպող սպասարկութիւններու, որոնք ժամական մինչեւ 500 փաունտ կը գանձեն: Միւս կողմէ` «խնդալու բժիշկներ» կ՛այցելեն Բրիտանիոյ հիւանդանոցները:
«Խնդուքը աւելին է, քան ինչ որ է: Պարզապէս թեթեւութիւն չէ», կ՛ըսէ խնդալու եոկայի մասնագէտ Լոթ Միքըլսըն, որ աւելի քան 600 խնդալու մարզիչներ պատրաստած է Բրիտանիոյ տարածքին եւ ամէն օր 20-40 հոգիի հետ կը խնդայ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ զերծ իր ակումբին մէջ: «Խնդուքին առթած հոգեբանական փոփոխութիւնները եւ բարիքները վայելելու համար պէտք է խնդալ ամէն օր,- կ՛աւելցնէ ան:- Ընկերութիւնը խէթ աչքով կը դիտէ մեզ, երբ լիահագագ կը խնդանք: Սակայն խնդալու ակումբը ապահով տարածք մըն է լիաթոք խնդալու: Իրապէ՛ս մարմնիդ մէջ կը զգաս օդին շարժումը. անիկա կը ցնցէ ներքին գործարանները եւ ֆիզիքապէս կ՛օգտուիս»:
Կը թուի, թէ գիտութիւնը կը զօրակցի Միքըլսընի: Արիզոնայի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ խնդալու եոկան կրնայ բարելաւել տրամադրութիւնը եւ կայունացնել սիրտի զարկը այն հիւանդներուն, որոնք կը սպասեն ներքին գործարանի մը պատուաստումին:
Այլ ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է Օքսֆորտ համալսարանին կողմէ, ի յայտ բերած է, թէ այլոց հետ լիաթոք խնդալը կրնայ աւելցնել անձի մը ցաւի դիմադրականութիւնը` անոր ուղեղին մէջ արտադրելով ցաւազերծիչ ջղաքիմիական նիւթ մը: Ուսումնասիրութիւնը նաեւ նշած է, թէ խնդալը կրնայ «կենսական դեր խաղալ ընկերային կապեր հաստատելու մէջ» (տեսնել վարի սիւնակները):
Խնդուքի ցանցի հիմնադիրներէն Ամանտա Պէյթ «խնդուքի մարզարաններ» հաստատած է Պրայթընի եւ Լոնտոնի մէջ, սպասարկելով ամէն տեսակ յաճախորդներու: Անոր մարզարաններէն մէկը յաճախած են Էռնսթ էնտ Եանկ ընկերութենէն 500 պաշտօնեաներ:
«Ընկերութիւններ սկսած են անդրադառնալ, թէ որքա՛ն լուրջ գործիք մըն է խնդալը: Անիկա առիթ կու տայ անսանձ ինքզինք գոհացնելու` առանց յանցանքի զգացումի: Նպատակի կը ծառայէ այս խնդուքը»:
Ճօ Պլուեթ խնդալու դիմած է` յաղթահարելու համար առողջական այն հարցերը, զորս դիմագրաւած է` կորսնցնելէ ետք իր գործը: Այժմ ան ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ «խնդալը դիւրացնող» անձ եւ աշխատած է Բրիտանիոյ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութեան մէջ` խնդուքի պահեր գլխաւորելով ապաքինումի առնչուող համագումարի մը ընթացքին:
«Երբ կը դիմագրաւէի իմ սեփական առողջութեանս մարտահրաւէրները, խնդալը օգնեց տոկալու ցաւիս եւ աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերելու,- կ՛ըսէ ան:- Անիկա օգնեց ինծի` 10 տարի նպաստով ապրելէ ետք դարձեալ գործի վերադառնալու, վերագտնելու հաւասարակշռութիւնս եւ առողջ կեանքս»:
Տալ Քուլար` 44 տարեկան ընկերային ծառայող մը եւ մտային առողջապահութեան մասնագէտ մը, խնդալու շաբաթական ակումբ մը կը գլխաւորէ Շեֆիլտի մէջ, ինչպէս նաեւ խնդուքի թեքնիքներով կը փորձէ բարելաւել հոգեկան ջղագար հիւանդութենէ, մտային եւ հոգեկան խանգարումներէ եւ երկարատեւ ընկճուածութենէ տառապող հիւանդներուն վիճակը: Ան կ՛ըսէ, թէ իր սպասարկութիւններուն պահանջարկը արդիւնք է բրիտանական ընկերութեան մէջ հետզհետէ բարձրացող անձկութեան մակարդակին:
«Մարդիկ նուազ կը շահին, կը տառապին որոշ մակարդակի լարուածութենէ եւ կարիքը ունին հանգստացնելու իրենց ջիղերը, քիչ մը հաճելի ժամանակ անցընելու», կ՛ըսէ ան:
Տէյվիտ Կրէյ համաձայն է: Մանչեսթըրի մէջ հաստատուած այս կրօնաւորը խնդուքին տուած է կեդրոնական տեղ` եկեղեցական արարողութիւններու մէջ, ներառեալ` հարսանիք եւ թաղում: Ան ունի իր սեփական ընկերութիւնը` Քրէոճինիթի, որ նուիրուած է անհատական եւ հաւաքական վիճակը բարելաւելու գործին:
«Իբրեւ հիւանդապահ, խորհրդատու եւ ընկերային ծառայող, բոլոր գիտելիքներս ի գործ կը դնէի` այցելելով սգացող ընտանիքներու եւ ուշադրութիւս ամբողջութեամբ կեդրոնացնելով անոնց վրայ: Երգիծանքը կը համեմէր մեր խօսակցութիւնները», կ՛ըսէ ան:
«Անոնք, որոնք սուգի տան մէջ գետին փռուած էին, կը սկսէին խնդալ` յիշելով հանգուցեալին նկարագիրը, նոյնիսկ եթէ ան մեղաւոր տիպար մըն էր: Հանգուցեալին մասին խօսելով` անոնք կը հանգստանային, եւ այս մէկը յաճախ կ՛արտայայտուէր խնդուքով»:
Թերեւս ճիշդ է ժողովրդային այն խօսքը, թէ խնդուքը լաւագոյն դեղն է: Գէթ այսպէս կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւն մը, որ ի յայտ բերած է խնդուքին առողջական բարիքները: Կ՛ըսուի, թէ խնդուքը կը հանգստացնէ մարմինը, կը հանդարտեցնէ ֆիզիքական լարուածութիւնը եւ կը փարատէ հոգեկան լարուածութիւնը: Ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ խնդուքը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
Կարգ մը յայտնաբերումներու համաձայն, խնդուքը մարմինը կը պաշտպանէ սիրտի հիւանդութիւններու դէմ: Անոնք, որոնք չեն խնդար անյարմար կացութիւններու մէջ կամ երբ հոգեկան լարուածութենէ կը տառապին, շատ աւելի հակամէտ են դիմագրաւելու սիրտի առողջութեան հարցեր, ինչպէս ի յայտ բերած են Մերիլենտի համալսարանէն բժիշկներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ այլ ուսումնասիրութիւն մը կ՛ըսէ, թէ ծիծաղը կ՛օգնէ մանուկներուն, որ հանդարտին, կը պակսեցնէ ցաւերը, կը նպաստէ քաղցկեղի եւ շաքարախտի դէմ պայքարին: Խնդուքը այնպիսի լաւ դեղ մըն է հիւանդ կամ դարմանուող մանուկներուն համար, որ հիւանդանոցներ կը վարձեն «հտպիտ բժիշկներ». մասնագէտ բժիշկներ, որոնք իբրեւ հտպիտ կը ծպտուին եւ հաճելի ժամանց կը պարգեւեն մանուկ հիւանդներուն:
«Ինթըրնեշընըլ Ճըռնըլ աֆ Օպիսիթի» թերթին մէջ լոյս տեսած ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, օրական 15 վայրկեան ծիծաղիլը կը նպաստէ ջերմուժի սպառումին եւ կ՛օգնէ նիհարնալու, որովհետեւ խնդալը կ՛արագացնէ սիրտին զարկերը եւ շարժման մէջ կը դնէ թեւերուն, ոտքերուն եւ ստամոքսին մկանները:

