Կարօտն Ամէն Տեղ Է… Պռօշեանի Գիւղապետի Տեղակալ
«ԵՌԱԳՈՅՆ»
Արծիւներու բոյն Պռօշեանի հրապարակին վրայ` Կարօտ Մկրտչեանի արձանին շուրջ, այսօր հաւաքուած էին անոր ընկերներն ու համագիւղացիները:
21 տարի անցած է հայրենադարձ հերոսի անհետացման օրէն, սակայն` «Կարօտն ամէն տեղ է… հայրենի հողի վիրաւոր բոլոր տեղերում, Սասունում, Արցախում, Պռօշեանում», ըսաւ Պռօշեան գիւղի գիւղապետի տեղակալ Վովա Սահակեան:
Պաշտօնակատարը աւելցուց` ըսելով, որ ամէն տարի իր մարտական ընկերոջ մասին կը խօսէր գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը, բայց այսօր իրավիճակը այլ է: Ան կոչ ուղղեց գիւղացիներուն` միակամ ըլլալ եւ շարունակել գիւղապետին սկսած գործը:
Կարօտի արձանին մօտ, պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի անդամ Սամուէլ Զազումեան մարտական ծառայութեան համար մետալով պարգեւատրեց պռօշեանցի ազատամարտիկ Վարդգէս Մուրատեանը:
Պռօշեանի ազատամարտիկներու զինակից Ռաֆիկ Ղազինեան, իր սրտի խօսքը արտասանելէն ետք, Կարօտի արձանին մօտ երդուեցաւ` ըսելով. «Կարօ՛տ, երդւում ենք, որ պռօշեանցի ընկերներով շարունակելու ենք ձեր յաղթական ճանապարհը»:
Ղազինեան այնուհետեւ կարդաց ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանին նուիրուած իր գրած բանաստեղծութիւնը: Ի դէպ, Ռաֆիկ Ղազինեան Կարօտի անհետացման 20-ամեակին նոյնպէս գրած էր Կարօտի յիշատակին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
Հաւաքուած թափօրը ուղղուեցաւ գիւղի պանթէոն, ուր այս անգամ Կարօտին հայրը` Յովհաննէս Մկրտչեան, նոյնպէս միակամ ըլլալու եւ գիւղի հերոսներուն գործը շարունակելու կոչ ուղղեց պռօշեանցիներուն: «Մենք ժողովուրդ կը դառնանք միայն այն ժամանակ, երբ մեր երկրի սահմանագիծը դառնայ մեր օրրանը, պապենական երկիրը», ըսաւ ան:
Ազատամարտիկներու շիրիմին շուրջ հաւաքուածները երգեցին «Վէրքերով լի»-ն` հնչեցնելով այնտեղ հանգչած հերոսներուն կանչը`
«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,
Յոյսս դուք էք ընկերներ,
Շարունակէք մեր Սուրբ գործը,
Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:



