«Նուռը Պայթելու Պատրաստ Է»

«Էվրենսել» թերթին մէջ Նուրայ Սանճարի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որ կը խօսի Այնթապի շարժապատկերի փառատօնին մասին: Փառատօնը կազմակերպուած է «Նար» կոչուող մշակութային միութեան կողմէ, որ այս հայաշունչ անունը փոխ առած է քաղաքի բազմամշակոյթ անցեալէն:

Յօդուածին սկիզբի տողերը հետաքրքՐական են. «Ամէն անգամ, երբ կը մտնենք թանգարանէ մը, մզկիթէ մը կամ մշակութային կեդրոնէ մը ներս, մեր առաջնորդին ամէնէն շատ գործածած նախադասութիւնն է` «Ասիկա հայկական հին շէնք մըն է. երբ հայերը գացին, շէնքը այս նպատակին համար գործածուեցաւ»: Բեմադրիչ Նաթալի Պերկեր կառչած է այս` «երբ հայերը գացին» բառերուն: Ես անոր կը բացատրեմ, որ հայերը չգացին, այլ ղրկուեցան: Ս. Պետրոս եկեղեցիին մէջ, որ ներկայիս փոխակերպուած է ակումբի, մանուկները պարի դաս կ՛առնեն: Ոմանք կրնան կարօտը զգալ գնչուներու եւ հայերու, բայց գնչու անունը հիմա պարզապէս բառ մըն է, իսկ հայերուն կառուցածները դարձած են պարզապէս զբօսաշրջութեան վայր: Ասիկա մարդուս ներքին ցաւ մը կը պատճառէ, բայց ի՛նչ ալ ընեն, հայկական ինքնութիւնն ու ազդեցութիւնը այս քաղաքին մէջ կը շարունակէ ապրիլ անջնջելի կերպով: Ի՛նչ ալ ընեն, չեն կրնար քողարկել զայն: Նուռը պայթելու պատրաստ է, եւ կեղեւին տակ կարծես կայ վէրք մը, որ անհանգստութիւն կը պատճառէ»:

Share this Article
CATEGORIES