«Դպրեվանքի Մատենաշար»-ի Հրատարակութեան Առթիւ
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Անեղծելի փաստ է, որ հայ ժողովուրդի վաղնջական պատմութեան ընթացքին վանքերն ու վանական համալիրները եղած են գիտութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան կեդրոններ եւ համալսարաններ, ուր լոյս` ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրաները:
Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ: Իսկ այս օրերուն, երբ համբակ միջակութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք, դժուար է այդ չափորոշիչ հանգամանքը վերընձիւղել հասարակութեան ընդհանուր գիտակցութեան եւ դատողութեան մէջ: Այդ իսկ պատճառով նոյնպէս դժուար պիտի ըլլար գիրքի մը գրախօսականը կատարել, երբ գիրքի ընթերցանութիւնը տակաւ առ տակաւ կը դադրի ժողովուրդ դաստիարակող իր երբեմնի գործօն դերակատարութենէն: Այսուհանդերձ, տակաւին կան եւ պիտի մնան նուիրեալ հեղինակներ, գրողներ եւ հրատարակիչներ:
Այս առիթով ի դէպ է խօսիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Դպրեվանք մատենաշար»-ին, եւ անոր երկու հրատարակութիւններուն մասին:
Մեծ յանդգնութիւն եւ գնահատանքի արժանի գործ է տեսչութեան եւ առաւելապէս տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ձեռնարկած` մատենաշար հաստատելու ազգանուէր գործը, որ իր իսկ բառերով, կը միտի` «Դպրեվանքէն անցած սաներու անտիպ կամ մամուլի մէջ ցրուած գրութիւնները հատորով լոյս ընծայել եւ դպրեվանքի առաքելութեան մասնակից ընթերցողներուն հասցնել»:
Ահաւասիկ` այս մատենաշարին արգասիքը հանդիսացող երկու հատորներ:
Առաջին հատորը մեծ ուսուցիչ, վաստակաւոր եկեղեցական եւ ուսանողներու շրջանակին մէջ «շրջուն համայնագիտարան» յորջորջուած` Արտաւազդ արք. Թրթռեանին գործն է, լոյս տեսած 2012-ին, որուն առաջին մասին մէջ կը հանդիպինք տասնեակ քարոզներու` պարզ, հասկնալի եւ տրամաբանական ոճով:
Երկրորդ բաժինը կը պարփակէ ուսումնասիրութիւններու շարան մը, որոնք ակնյայտօրէն ցոյց կու տան հեղինակին հայագիտական եւ միջեկեղեցական շարժման մասին հմտութիւնը:
Երրորդ բաժինով կը տեսնենք սրբազան հօր տեսչական տեղեկագրերն ու հուսկ-ուղերձները, որոնք ցոլացումն են հմուտ մանկավարժ, բազմերախտ եւ իտէալասէր տեսուչի մը գործունէութեանց:
Ի վերջոյ հատորը կ՛աւարտի յօդուածներու շարքով, որ երբեմն յուշագրութիւններու տպաւորութիւն կը թողու ընթերցողներուն վրայ` կապուած զանազան մեծանուն մարդոց հետ, ինչպէս` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Շահան Պէրպէրեանին եւ Խորէն Գաբիկեանին:
Ինչ կը վերաբերի հատորի անուանումին, միայն Արտաւազդ արք. Թրթռեանը ճանչցողը գիտէ «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» բառերուն իմաստն ու մարմնացումը:
Մատենաշարին երկրորդ արգասիքը երկար տարիներու կրթական մշակ` Սարգիս Փանոսեանին «Ազգային եւ միջազգային ընդհանուր զարգացման հարցումներ եւ պատասխաններ» հատորն է` լոյս տեսած 2013-ին, որ ունի հանրագիտակ տիպի բառարաններու տեղեկատու ոճի հարց-պատասխանի ձեւ եւ կը բովանդակէ զանազան նիւթերու շուրջ հայ աշակերտին միտքը յուզող հարցումներ եւ պատասխաններ:
Վարձքը կատար` այս հատորներուն հրատարակման մաս եւ բաժին ունեցող բոլոր աշխատակիցներուն եւ մեկենասներուն, նորանոր յաջողութիւններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Դպրեվանք մատենաշար»-ին, դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն: Թող հայ գիրքը մնայ բոլորին հասանելի, սիրելի եւ ընթերցելի մեր բոլորին կողմէ, որովհետեւ կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն են հայ ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքը:

