Մեր Վարժարանները, Մեր Ապագան. Սա Մեր Դպրոցն Է

Ուսումնական-կրթական ամավերջի հանդիսութիւնները սկսած են արդէն: Մանկապարտէզները պատրաստած են իրենց յայտագիրները մանկական երգ ու պարերով, մեր մանուկներուն լեզուները բացուած են, կ՛արտասանեն, ներկայացումներ կը կատարեն թատերական զուարճալի պատմութիւններով:

Յունիս ամսուան 16-ն է, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնն է, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսն է: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Վարժարանի երկար տարիներու բարերար Յարութիւն Լութֆիկ Սարգիսեանի նախագահութիւնը կը վայելէ հանդէսը: Ներկայ են վարժարանի հոգաբարձութեան եւ համանուն եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամներ, ծխատէր քահանան եւ ծնողներ:

Հանդիսութեան հովանաւոր սրբազան առաջնորդի ներկայացուցիչ Սմբատ վրդ. Սապունճեան եկած է իբրեւ օրհնաբեր ներկայութիւն:

Հանդէսը կը սկսի ճիշդ ժամանակին: Երեւոյթ մը, որ գնահատելի ու գովելի է: Բեմը յարդարուած ու զարդարուած է գունագեղ տեսարանով: Հետաքրքրական ու գեղատեսիլ էին կակաչներով գծագրուած իւրաքանչիւր շրջանաւարտ աշակերտի յատուկ յիշատակի զարդը, գեղագիտական արտայայտութիւն մը ստեղծագործ միտքի արդիւնք:

Յայտագրի «մաքրութիւնն» է: «Կեղտոտիկը եւ թափթփած մանչուկը»: Դաստիարակիչ տեսութիւն մը, որ աշակերտներու երգերուն ու պարերուն, նաեւ թատերական զրոյցներու ընդմէջէն փոխանցուեցաւ ամէնուն:

Մանկական երգեցողութեան եւ այլ եղանակներու կշռոյթին հետեւելով կը պարեն մեր մանուկները` լուացք ընելով, զինուոր դառնալով կամ պուպրիկներու պարերով: Ինքնաշարժ վարելու փափաք մը կ՛արտայայտէր «ինքնաշարժներ շալկած» պարը, ու այս ամէնը արժանացան ներկայ ծնողներու եւ հիւրերու խնդութեան եւ ջերմ ծափերուն: Այս պարագային վստահ ենք, որ ծափերը հասցէագրուեցան մանկապարտէզի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերեճեանին եւ իր գործակից ուսուցչուհիներուն հնարամիտ ջանքերուն, ձեռային ճաշակաւոր աշխատանքին, ու հաճելին օգտակարին վերածելու ստեղծագործական տրամադրութեան:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: Վարժարանի տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը, միասնաբար յանձնելու վկայականները: Վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան իր խօսքը ուղղելով մասնաւորաբար ծնողներուն` ըսաւ. «Ձեր պարտքն ու պարտականութիւնն է այս մանուկները առաջնորդել դէպի ճիշդ եւ առողջ դաստիարակութիւն: Անոնք մեր վարժարանին մէջ ստացան հայեցի դաստիարակութիւն, որ պէտք է շարունակուի»: Այս առիթով տնօրէնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վարժարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարող Յարութիւն Լութֆիկ Սարգիսեաններուն, առաջնորդ սրբազան Գեղամ արք. Խաչերեանին, Թաղական խորհուրդին, հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութեան եւ վարժարանի Ծնողական խորհուրդին:

Շրջանաւարտները խմբերգեցին «Ցտեսութիւն» երգը, ապա հայր սուրբը իր օրհնութեան խօսքով քաջալերեց եւ շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնած էին ազգային այս վարժարանին: «Ձեր զաւակները ցտեսութիւն ըսին մանկապարտէզին, բայց վաղը անոնք պիտի լսեն` «բարի եկաք»-ի սիրալիր խօսքեր, դէպի նախակրթարան մուտքին: Սիրելի ծնողք, ձեր զաւակները հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան միայն հայկական վարժարանին մէջ: Ամուր մնացէք ձեր հաւատքով, որպէսզի ամուր մնան նաեւ մեր արժէքները», ըսաւ վարդապետ հայր սուրբը:

Ստորեւ անուանացանկը շրջանաւարտներու.

Ահմատ Մարիամ, Արսլանեան Նայիրի, Կիւլեսերեան Բալիկ, Մար Աննա-Մարիա, Սապունճեան Ժանեթ, Ապտըլ-Մասիհ Մայք, Կոճիկեան Գէորգ, Պոյաճեան Սարգիս, Պոյաճեան Յակոբ, Սեֆիլեան Ժաք, Տեմիրճեան Սարգիս, Տիշաղճեան Ժան Փոլ, Օգճեան Ժան եւ Օհաննէսեան Տէյվիտ:

Share this Article
CATEGORIES