«Թռչնոց Բոյն»-ի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 15 յունիս 2013¬ի առաւօտեան ժամը 10:30¬ին, տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ 2013 տարին վեհափառ հօր կողմէ հռչակուած է ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ, ուստի փոքրիկները ներկայացուցին Ղազարոս Աղայեանին «Երջանիկ խրճիթը»` երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով:

Հանդէսին գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ  դասարանները:

Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա խօսք առաւ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանը: Յաջորդեց մանկապարտէզպանուհիին` Սեդա Հապիպի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ «Թռչնոց բոյն»-ը  կը կատարէ առաքինի հայ մօր դերը` հայթայթելով սէր, գուրգուրանք ու հայու քրիստոնէական դաստիարակութիւն:

Հանդէսը տեւեց շուրջ քառասունհինգ վայրկեան, որուն ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին բարձրորակ գեղարուեստական յայտագիր մը: Բոլոր ներկայացումներն ալ եղան անթերի եւ զարմանք պատճառեցին ներկաներուն:

Գեղարուեստական յայտագրէն ետք խօսք առաւ խնամակալութեան ներկայացուցիչ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանը` գնահատելով ուսուցչական կազմին աշխատանքը, զանոնք քաջալերեց իրենց կատարած եւ գիտակից յանձնառութեամբ տարած պարտականութեան համար` մեր ազգի զաւակներուն նկատմամբ, որոնք կարիքը ունին յատուկ գուրգուրանքի եւ խնամքի:

Հանդէսի աւարտին հաստատութեան տնօրէնը ու քահանան բեմ հրաւիրեցին ուսուցչուհիները եւ գնահատեցին զանոնք: Ապա քահանայ հայրը յորդորեց ծնողները, որ ամբողջապէս տէր կանգնին իրենց կարօտեալ զաւակներուն, ինչպէս «Թռչնոց բոյն»-ը միշտ ցուցաբերած է իւրայատուկ հոգատարութիւն մեր հայ ազգի զաւակներուն: Պահպանիչով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES