Մասնակցութեամբ «Շուշի» Պարախումբին, «Հաւասի» Համոյթին, Վարժարանի Երգչախումբին, Տուտուկի Խումբին Եւ Նուագախումբին. Մեսրոպեան Վարժարանի Գեղարուեստի Խումբերու Միացեալ, Անդրանիկ Եւ Իւրայատուկ Ելոյթ

Այսօր կիրակի, 2 յունիս 2013-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական գծագրութիւններու ցուցահանդէս եւ գեղարուեստի խումբերու ելոյթ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, վարժարանի բարեկամներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային խումբերու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ հայ դպրոցը միայն կրթութիւն փոխանցող եւ պետական քննութիւններուն բարձր նիշ ապահովող կառոյց չէ, այլ ունի ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան փոխանցման սրբազան առաքելութիւն: Ան ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ գեղարուեստի խումբերը հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին հոգին կ՛ազնուացնեն, երեւակայութիւնը կը զարգացնեն, մտածողութեան սահմանները կ՛ընդարձակեն եւ որակաւոր ճաշակ կը մատուցեն:

Րաֆֆի Տեմիրճեան

Ր. Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստի պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին, որ հաւատքով, համոզմունքով եւ վստահութեամբ թիկունք կանգնեցաւ այս խումբերու գործունէութեան: Իր խօսքի աւարտին Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, որ` «աշխատանքը այս հանդէսով չ՛աւարտիր, այլ հոսկէ սկիզբ կ՛առնէ»:

Ապա ելոյթ ունեցան` Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը իր երեք խումբերով` շրջանաւարտներու, մեծերու ու փոքրերու (պարուսոյց`  Սարին Արթինեան եւ Սարին Պողչալեան), «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական պատասխանատու Գարմեն Աճեմեան), վարժարանի երգչախումբը (խմբավար Մանուէլ Քէշիշեան), տուտուկի խումբը (ուսուցիչ Յակոբ Գելուկեան), ինչպէս նաեւ` աշակերտներու ճիգերով կազմուած նուագախումբը: Աշակերտները երգեցին աշուղական, ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգեր, պարեցին ազգագրական, լիբանանեան եւ եւրոպական պարեր, ինչպէս նաեւ նուագեցին հայկական եւ օտար երաժշտութիւններ: Շուրջ երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող ելոյթին ընթացքին մասնակից աշակերտները արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:

Յայտնենք, որ դաշտին մուտքին տեղադրուած էին արտադասարանային խումբերու գծագրութիւնները (արտադասարանային խումբերու ուսուցիչ Գէորգ Ուլաշեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ Ռիթա Ետալեան եւ Վազգէն Մուղալեան):

«Շուշի» պարախումբի աւելի քան յիսուն անդամներու միացեալ կատարումէն ետք,  հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց արտադասարանային խումբերու աշխուժ եւ որակաւոր գործունէութիւնը: Ան յատուկ կերպով նշեց «Շուշի» պարախումբին մէջ հանգուցեալ Յարութ Գրաճեանի ներդրումն ու պարախումբին մէջ մեծաթիւ շրջանաւարտներու ներկայութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը: Մեսրոպեանի տնօրէնը շեշտեց, որ հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը հայ վարժարանի առաքելութեան անքակտելի օղակն է:

Գեղարուեստի խումբերու հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի «Պահպանիչ»-ով:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES