Նամականի. Ո՞վ Կը Ճշդէ Առաջնահերթութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մեր գաղութը եթէ հեռուէն դիտես, խճողուած, զիրար խաչաձեւող, ոչ համակարգուած, տեսակ մը` տարօրինակ կացութիւն մը կը պարզէ:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ծանր տագնապին, գաղութը տակաւին կը մնայ աշխուժ վիճակի մէջ: Նախքան միտքս բացատրելը` կ՛ուզեմ շեշտել մէկ բան, որ քննադատութիւն չէ ըրածս, ընդհակառակը, մեր շուրջը կան լաւ եւ բարի մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս կը նպաստեն մեր նախաձեռնութիւններուն եւ շնորհիւ անոնց նեցուկին` մենք կարգ մը յաջողութիւններ ձեռք կը ձգենք: Հարցը այդ մարդոց մասին չէ. հարցը պէտք է քննենք ուրիշ տեղ:

Հիմա գանք նիւթին:

Այսօր երբ ընդհանրապէս բոլոր մակարդակներու վրայ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք, այսինքն դպրոցներու ամսականներու հարց, անպատսպար սուրիահայերու կացութիւն, հիւանդանոցային եւ առողջապահական հարցեր, միութիւններու նիւթական դժուար կացութիւն. պէտք է ճշդենք նախաձեռնութիւններու առաջնահերթութիւնները:

Տեղ մը մէկը, բոլորս ալ գիտենք, թէ ո՛վ պէտք է համակարգէ գաղութին այս տակնուվրայութիւնը: Ո՞վ կ՛որոշէ մեր նախաձեռնութիւններուն առաջնահերթութիւնը: Ո՞վ կը քննարկէ եւ կ՛արժեւորէ աշխատանք մը: Ինչպէ՞ս կը տրուին նման որոշումներ: Եթէ ուզենք, ինչպէ՞ս կրնանք շատ դիւրին դրամ հաւաքել, եւ եթէ չուզենք, կ՛ըսենք` տնտեսական տագնապ կայ, շատ դժուար է, չենք կրնար:

Մեր գաղութը շատ լաւ վիճակի մէջ է. փաստե՛մ:

Ա.- Անցնող ամսուան դպրոցներու եւ հաստատութիւններու ի նպաստ խրախճանքներէ եւ այլ ձեռնարկներէ հաւաքուած գումարները Խանամիրեան վարժարանի, Եղիշէ Մանուկեանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայկազեանի, «Ազդակ»-ի, Խրիմեան վարժարանի, Ռուբինեան վարժարանի ճաշկերոյթներուն հաւաքուած գումարները կը հասնին մէկ միլիոն տոլարի սահմանները:

Բ.- Մեր միութենական ձեռնարկներու այլազանութիւնն ու մշակութային կեանքի զարթօնքը: ՀԲԸՄ-ի, Համազգայինի եւ «Նոր Սերունդ»-ի պարախումբերուն ելոյթները, «Վահրամ Փափազեան», «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբերու, Թէքէեան մշակութային միութեան թատերական ներկայացումները, «Կարկաչ»-ի, «Այգ»-ի, «Գուսան»-ի, «Շնորհալի»-ի, «Կռունկ» երգչախումբերու ելոյթները. տակաւին աւելի՛ն, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան թաղականութիւններու եւ շրջանի մէջ գտնուող քոյր միութիւններու ստեղծած աւանդական մթնոլորտը:

Գ.- Հայաստան սփիւռք գործնական եւ եռուն գործունէութիւնը, գիտաժողովները, հիւր երգիչները, թատերախումբերը, դասախօսները, խմբագիրներու մնայուն երթեւեկը:

Այս բոլորը փաստեր են, որ գաղութը բան մը չունի եւ մենք ենք, որ համադրելու հարց ունինք:

Պէտք է ճշդենք առաջնահերթութիւնները, ո՞ւր, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ համար նախաձեռնել, նուիրել, մեկենաս դառնալ կամ մեծարել:

Շուտով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ենք: Բոլոր ժամանակներէ աւելի համակարգելու եւ համադրելու անհրաժեշտութիւնը կը զգանք: Բոլոր ժամանակներէ աւելի առաջնահերթութիւնները ճշդելու կարեւորութիւնը պէտք է: Բոլոր ժամանակներէ աւելի մեր գաղութին աշխուժութիւնը եւ մարտունակութիւնը պահելու կարիքը կայ:

Հասկցողին շատ բարեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES