Հայաստանը Պիտի Ստանձնէ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Նախագահութիւնը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 21 յունիսին պիտի այցելէ Օտեսա` մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ընթացքին Հայաստան պիտի ստանձնէ կազմակերպութեան նախագահութիւնը:
CATEGORIES Հայկական

