Պաքու Եւս Կ՛արձագանգէ Արցախի Տագնապի Միջնորդներու Կոչին
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ղարաբաղեան տագնապին մասին միացեալ յայտարարութիւնը արտացոլումն է Ազրպէյճանի դիրքորոշման. չորեքշաբթի, 19 յունիս-ին Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այսպէս ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաvեւ, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու:
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները երեքշաբթի օր Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ միացեալ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղած էին Հայաստանին եւ Ազրպէյճանի իշխանութեանց` կեդրոնանալու առայժմ անլոյծ մնացած հարցերուն վրայ: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուէր, թէ տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու ուղղուած համաձայնութեան ձգձգումը ընդունելի չէ:
Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, Հայաստանը, իր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի միջոցով, երեքշաբթի իսկ արձագանգած էր այդ յայտարարութեան` ընդգծելով, որ Երեւանը հիմնականին մէջ համակարծիք է ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն հետ: Միաժամանակ, ան մեղադրած էր Պաքուն` միջազգային միջնորդներու խաղաղ նախաձեռնութիւնները ձախողութեան մատնելուն յանցանքով, ինչպէս նաեւ քննադատած էր Պաքուի շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ սադրանքները` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ սահմաններուն վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ բանբերը նմանապէս դրական գնահատանք տուած էր Օպամա-Փութին-Հոլլանտ յայտարարութեան, չորեքշաբթի օր տեղական պետական լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:


