Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արձագանգը` Համանախագահներու Յայտարարութեան

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը սկզբունքօրէն դէմ է լուծման որեւէ բանաձեւի, որով կը պահանջուի Հայաստանէն եւ Արցախէն որեւէ զիջում կատարել:

Այս մասին կ՛ըսուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մեկնաբանութեան մէջ` կապուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու վերջին յայտարարութեան հետ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր յայտարարութիւնը տեղադրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը սկզբունքօրէն դէմ է լուծման որեւէ բանաձեւի, որով կը պահանջեն Հայաստանէն եւ Արցախէն կատարել որեւէ ապահովական ռազմավարական եւ անվերադարձ զիջում` Ազրպէյճանի կողմէ հետագայ գործողութիւններու մասին սուտ խոստումներուն դիմաց», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES