«Արեւմուտքին Հետ Սուրիոյ Շուրջ Մեր Տարակարծութիւնը Կը Վերաբերի Լուծման Միջոցներուն Եւ Ոչ Թէ Նպատակներուն» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Արեւմուտքին հետ Սուրիոյ շուրջ մեր տարակարծութիւնը կը վերաբերի լուծման միջոցներուն եւ ոչ թէ վերջնական նպատակներուն»` աւելցնելով, որ Մոսկուա «Սուրիոյ մէջ իրաքեան դիպաշարի կրկնութիւնը չ՛ուզեր»:
Լաւրով «Ռուսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները Մոսկուայի յայտնած են, որ Ութերու խմբակի յանձնարարականներուն համաձայն են եւ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը վերահաստատած են` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ արեւմտեան պետութիւնները վստահ չեն, որ կրնան սուրիական ընդդիմութիւնը խորհրդաժողովի մասնակցելու համոզել:
Ան ըսաւ, որ Մոսկուա կասկած չունի, որ դէպի Սուրիա զէնքի մատակարարման պարագային ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութիւնը արեւմտեան զէնքերը պիտի ստանայ` նշելով, որ այդ կազմակերպութիւնը ընդդիմութեան մէջ ամէնէն ազդուն է, եւ Սուրիա ուղարկուած զէնքերուն մեծամասնութիւնը այդ կազմակերպութեան ճամբով պիտի բաժնուի` աւելցնելով, որ «արեւմուտքցի գործընկերները պէտք է իրենց որդեգրելիք հաւանական ուղղութեան վտանգը հասկնան»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի պէտք է մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի աշխատանքներուն` ողջունելով այս ուղղութեամբ ֆրանսական կեցուածքին փոփոխութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի «Էս-300» հրթիռներու հարցին, ռուս նախարարը նշեց, որ Մոսկուա «իր բոլոր համաձայնագիրները կը գործադրէ»` նշելով, որ այդ համաձայնագիրը տակաւին ամբողջութեամբ չէ գործադրուած:
Լաւրով նաեւ նշեց, որ Մոսկուա ամերիկեան ուժերու Յորդանան-Սուրիա սահմանին վրայ տեղակայման եւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման ծրագիրներուն մասին Ուաշինկթընէն որեւէ բացատրութիւն չէ ստացած:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փարիզի Լէ Պուրժէ արուարձանին մէջ օդանաւերու փառատօնին մասնակից ռուսական պատուիրակութենէն աղբիւր մը յայտնած է, որ Սուրիոյ համար «Եաք-130» օդանաւերու արտադրութիւնը իր աւարտին հասած է եւ գործարանը զանոնք Սուրիոյ յանձնելու համար քաղաքական որոշումին կը սպասէ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Գահիրէի մէջ Արաբական խորհրդարանին գումարած նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վատ է` շեշտելով, որ «ներկայիս Սուրիոյ համար պահանջուածը ճակատումներուն կասեցումն ու հրադադարի հաստատումն է, որովհետեւ ճակատումներուն շարունակումը Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհին համար ծանր հետեւանքներու պիտի յանգի»:
«Յոյսի նշոյլ մը գոյութիւն ունի, որ մեծ չէ, սակայն կը յուսանք, որ դրական արդիւնքներու կը յանգեցնէ», ըսաւ ան:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ իր երկիրը անմիջական միջոցառումներ պիտի որդեգրէ, եթէ տեսնէ, թէ իր սահմաններուն դէմ Ռէյհանիէի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին նման վտանգ մը գոյութիւն ունի: Ան նշած է, որ թրքական կառավարութեան Ռէյհանիէի ականահարումներուն շուրջ կատարած հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ սուրիական վարչակարգը անոնց մեղսակից է:
Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Սուրիոյ բարեկամ 11 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաղը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութեան տրամադրման կարելիութիւնները:
Մինչ այդ, բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումէն ետք Հալէպի մէջ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ծանր զէնքերու առաջին բաժին մը տրամադրած է:
Սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ այդ ծանր զէնքերու շարքին են հակահրասայլային «Քոնքորս» հրթիռներ, որոնք Հալէպի մէջ արդէն օգտագործուած են եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են, ինչ որ կրնայ նպաստած ըլլալ վարչակարգին կողմէ քաղաքին մէջ նախատեսուած յարձակումին կասեցման:


