Ըստ «Սապահ»-ի. ՔԱԿ-ի Զինեալներուն Երկու Երրորդը Հեռացած Է Թուրքիայէն
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան(ՔԱԿ) զինեալներուն երկու երրորդը լքած է Թուրքիոյ տարածքը եւ անցած Հիւսիսային Իրաք:
Իրաքի տարածք անցնելու համար Տիգրանակերտի նահանգ հասած է զինեալներու վերջին խումբը, որ յաջորդ ամսուան ընթացքին վերջնականապէս պիտի հեռանայ Թուրքիայէն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող ՔԱԿ-ի զինեալները սկսած էին Թուրքիոյ տարածքը լքել կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտալլա Օճալանի` զինեալ պայքարը դադրեցնելու եւ հարցերը բանակցութեան ճամբով լուծելու մասին յայտարարութենէն ետք: Ան զինեալներուն կոչ ուղղած էր վար դնել զէնքերը եւ Թուրքիոյ տարածքէն հեռանալ:
CATEGORIES Միջազգային

