Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սըմահայի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ մինչեւ 3 դեկտեմբեր:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւններ կատարել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մերժեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելող Մարտ 14-ի քաղաքական պատուիրակութեան մաս կազմել, որովհետեւ այդ պատուիրակութիւնը գլխաւորողը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան էր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժորժ Քորմը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` Արքուպի, Հասպայայի եւ Ռաշայայի վերեւ գործելով ցած մակարդակի թռիչքներ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդականներէն Մոհամետ Շաթահ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելիի հետ քննարկեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած պահանջագիրը, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտած է, որ ինք կը փափաքի վերստին ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւիրել լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարները, ինչպէս նաեւ արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ զինեալ բախումներն ու բռնարարքներ գործող վարձկան խուլիկաններու գոյութիւնը կը սպառնայ լիբանանեան գոյացութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլայէն բացի լիբանանեան ոչ մէկ քաղաքական կողմ միջամուխ դարձած է Սուրիոյ տագնապին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ համոզուած է, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը զինուորական վճռական յաղթանակի վրայ պէտք է հիմնուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը երկիրը փրկելու կարիքը կը զգան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ լիբանանցիները ձախողած են երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու իրենց պայքարին մէջ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Սուրիոյ դէմ ներկայացուած բողոքը հակասահմանադրական է եւ այդ առումով ան պէտք է հաշուետուութեան կանչուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Հըզպալլա վերածուած է շիիական միլիսի մը, որ Լիբանանը կը փորձէ կցել Սուրիոյ տագնապին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի ազգային միասնականութեան կը սպառնայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին գումարելիք նիստին պարագային անկարելի պիտի ըլլար մերժել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վիճարկումը, հետեւաբար դիմեցին խորհուրդին նիստերը ձախողեցնելու ձեւին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ լուրջ մտավախութիւն կայ, որ այսօրուընէ սկսեալ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը աւելի եւս խախտի: Այս շրջագիծին մէջ, Եաագուպ կոչ ուղղեց բանակի հրամանատարին յանձնառու մնալու բանակին կարգախօսին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, տասնեակ մը լիբանանցիներ քաթարեան իշխանութիւններէն տեղեկացան Քաթարը լքելու անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Գերմանիա համաձայն գտնուած է իր երկրին մէջ ընդունելու հինգ հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնք հասած են Լիբանան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը խիստ մերժելի դարձած է:

 

Share this Article
CATEGORIES