Ապատի-Փլամպլի Հանդիպում
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:
Փլամպլի շնորհաւորեց Ապատին Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու կայացման եւ Հասան Ռուհանիի նախագահ ընտրութեան առիթով:
Փլամպլի մաղթեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնել:
Հանդիպումին ընթացքին Ապատի եւ Փլամպլի անհրաժեշտ նկատեցին, որ Լիբանանը հեռու մնայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հաւանական հետեւանքներէն` պահպանելու համար անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

