Սաատ Հարիրի Շնորհաւորեց Ռուհանին
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռագիր մը յղեց Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի` շնորհաւորելով անոր նոր պաշտօնը:
Հարիրի յայտնեց, որ Ռուհանիի ընտրութիւնը զուգադիպած է շրջանին դիմագրաւած զգայուն հանգրուանին, որուն ընթացքին արաբական աշխարհը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ:
Հարիրի մաղթեց, որ Իրան որդեգրէ նոր կեցուածք մը, որուն հիման վրայ անոր յարաբերութիւնները լիբանանեան այս կամ այն կուսակցութեան հետ չեն ըլլար, այլ` քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ:
Հարիրի ողջունեց Ռուհանիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք յանձնառու են Իրանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ գործակցութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

