Վ. Սապունճեան Ընդունեց «Քետպըրի»-ի Աշխատաւորներուն Մէկ Պատուիրակութինը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Քետպըրի» տուրմի ընկերութեան աշխատաւորներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախարարին փոխանցեց, թէ «Քետպըրի»-ի կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է փակել Լիբանանի մէջ իր գործարանը:

Վ. Սապունճեան ցաւ յայտնեց այդ որոշումին համար` ընդգծելով, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար երկրին ճարտարարուեստի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարներուն դիմէին նախքան այդ որոշումը տալը, որովհետեւ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու քայլը բարգաւաճում կ՛արձանագրէ:

Վ. Սապունճեան մաղթեց, որ «Քետպըրի» գործէ արձակուած իր բոլոր աշխատաւորներուն իրաւունքները յարգէ, ինչպէս նաեւ անոնց յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրէ, մինչեւ նոր աշխատանք մը ունենալու կարելիութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES