Պըրրի Ընդունեց Թունուզի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Օսման Ժարանտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թունուզեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ժարանտի յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Թունուզի նախագահին ու խորհրդարանի նախագահին ողջոյնները եւ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Թունուզ պատմական յարաբերութիւնները անխախտ պահելու կարեւորութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Զիատ Ռահպանի:
CATEGORIES Լիբանանեան


