Միքաթի Ընդունեց Փաուլին Եւ Ճափոնի Դեսպանը

Փաուլի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Փաուլի շեշտեց, որ Փարիզ կ՛ողջունէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` սուրիացի գաղթականները ընդունելու առնչութեամբ: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա կը քաջալերէ Լիբանանը շարունակելու իր մարդասիրական այս օրինակելի աշխատանքը` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու` գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով:

Փաուլի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սիչի Ուցուքա. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցան Լիբանանի կողմէ չէզոք քաղաքականութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Ուցուքա յայտնեց, որ Ճափոն պիտի աւելցնէ Լիբանանի կատարած իր օժանդակութիւնները, որոնք կը տրամադրուին Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES