Նախագահ Սլէյման Լիբանանի Դէմ Սուրիոյ Խախտումներուն Մասին Բողոքագիր Մը Յղեց Նաեւ Արաբական Լիկային

Նախագահ Սլէյման եւ Ապտել Ռահման Սոլհ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժին գործած թռիչքներն ու ոտնձգութիւնները կը փաստեն Լիբանանի դէմ Իսրայէլի թշնամական կեցուածքը եւ հետեւողական խախտումները` միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այս առումով միջազգային ընտանիքը պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի ան վերջ տայ Լիբանանի դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուած բռնարարքներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Ապտել Ռահման Սոլհը, որուն յանձնեց Լիբանանի նկատմամբ Սուրիոյ կողմէ գործուած ոտնձգութիւններուն դէմ բողոքագիրը: Նախագահ Սլէյման Սոլհէն պահանջեց այդ բողոքագիրին բովանդակութեան մասին տեղեակ պահել Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Օսման Ժարանտի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ դիմագրաւած հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ եւ նախկին երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ:

Նախագահ Սլէյման յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի ուղղուելիք տեղեկագիրները, որոնք կ՛անդրադառնան Սուրիոյ տագնապի կողմերուն Լիբանանի դէմ գործած ոտնձգութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES