Քաղաքացիական Հասարակութիւնը Մարտահրաւէր Կ՛ուղղէ` Մինչեւ Սահմանադրական Խորհուրդի Որոշումը

Մինչ կը սպասուի, որ այսօր Սահմանադրական խորհուրդը գումարէ իր նիստը` որոշում մը տալու համար խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգման վիճարկումին մասին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, քաղաքացիական հասարակութեան մաս կազմող կազմակերպութիւններու անդամներ եւ այդ հասարակութեան համոզումներուն ու գաղափարներուն հաւատացող քաղաքացիներու հոծ բազմութիւն մը ուղղուեցան խորհրդարան` անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ իրենց մերժումը յայտնելու բողոքի ցոյցով:

Ապահովութեան ուժերն ու բանակը փակեցին դէպի խորհրդարան տանող բոլոր մուտքերը, իսկ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ ընթացող բողոքի ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան հրմշտուքներ ու լուտանքներ` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր անձնական էջին մէջ զետեղեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ  զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքացիական հասարակութեան պահանջներուն, պայմանաւ որ շարժումը շարունակուի կատարեալ խաղաղութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ:

Նախագահ Սլէյման նաեւ շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը պէտք է իմաստուն եւ հանդարտ վարուին ցուցարարներուն հետ:

«Նիստը փակուած է» կարգախօսով սկսած ցոյցը կազմակերպող գործիչներ յայտնեցին, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանին կողմէ «հակասահմանադրական» եւ «հակաօրինական» քայլը:

Ցուցարարները կրեցին լիբանանեան դրօշներ եւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած կարգախօսներուն ընդմէջէն ցուցարարները երեսփոխաններէն պահանջեցին վերադառնալ իրենց բնակարանները` իրենց պաշտօնավարութիւնը աւարտած ըլլալուն համար:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցարարները Ռիատ Սոլհի վրայ լարեցին վրան մը, յայտարարելով, որ իրենց շարժումը բաց պիտի մնայ մինչեւ առաւօտ:

Նշենք, որ ցոյցին մասնակցեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անկախ թեկնածուներ, որոնք իրենք զիրենք պաշտօնապէս ընտրուած երեսփոխաններ յայտարարեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES