Սայտայի Մէջ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն, Իսկ Արսալի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Կ՛արձանագրուին Ապահովական Խախտումներ
Սայտայի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւնը շարունակեց մնալ տիրական:
Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ կէսօրէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպէն ետք որդեգրուած ապահովական միջոցառումները յոյս չեն ներշնչեր յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք հաշուետուութեան կանչելու իմաստով:
Սաատ նշեց, որ Սայտայի ապահովական խորհուրդը նախանցեալ օր յայտնած էր, թէ պիտի ընդդիմանայ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումին, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ զինեալ որեւէ երեւոյթ: «Սակայն դժբախտաբար ոչինչ նշմարեցինք այդ իմաստով, ընդհակառակն` յարանուանական գրգռութիւնները, սպառնալիքներն ու զինեալ երեւոյթները տիրական ներկայութիւն են եւ ապահովական կղզիները առկայ են, իսկ ապահովական ոչ մէկ միջոցառում որդեգրուած է այս իմաստով», ըսաւ ան:
Սաատ շեշտեց, որ Սայտայի ապահովական հարցը լուծելու իմաստով հոգեւոր մեծ հեղինակութեան մը կողմէ տրուած խոստումը, թէ մինչեւ երկուշաբթի հարցը լուծուած կ՛ըլլայ, սխալ էր, որովհետեւ նման խոստումներ կարելի չէ տալ առանց հիմնաւորումի:
Իր կարգին, Սայտայի Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ զգուշացուց Դիմադրութիւնը թիրախ դարձնելու քայլերէն` աւելցնելով, որ Սարայա Մուքաուամա շարժումը իր սխալները ունի, սակայն անոր սխալները կարելի չէ համեմատել Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի գործած հսկայ սխալներուն հետ:
Շէյխ Համմուտ շեշտեց, որ պէտք է ըլլայ հեղինակութիւն մը, որ Ասիրին պարտադրէ վերջ տալ այս քայլերուն, որոնց պատճառով արդէն իսկ չորս զոհեր արձանագրուած են, երեքը` Թաամիրի մէջ, իսկ մէկը` նախանցեալ օր:
Շէյխ Համմուտ ամօթ նկատեց Սայտայի մէջ արձանագրուած ճշմարտութիւնը շրջելու քայլերը: Անդրադառնալով նախանցեալ օր քաղաքացի Մոհամետ Հաշիշոյի սպանութեան` շէյխ Համմուտ ըսաւ, որ ան իր բնակարանին մէջ շէյխ Ասիրի արձակազէններէն մէկուն կողմէ սպաննուած է եւ ոչ թէ սպառնալիքներ ստացած:
«Ո՛վ լիբանանցիներ, մի՛ հաւատաք, որ Սայտայի մէջ ապահովական խախտումներուն պատճառները բնակարաններն են, այլ անոնք պատճառաբանութիւն են` Սայտայի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու», շեշտեց Համմուտ:
Սայտայի միւֆթի Սելիմ Սուսան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մերժեց Սայտան վերածել իրարու միջեւ հաշիւներ մաքրելու մարտադաշտի մը եւ շեշտեց, որ իրենց գրաւը պետութեան եւ ապահովական կառոյցներուն վրայ կը դնեն:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շեշտեց Սայտայի ապահովութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ իրեն համար Սայտայի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Իր կարգին, Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի ընդգծեց, որ Սայտայի մէջ նախորդ օրերուն պատահածը կրնայ որեւէ ատեն կրկնուիլ, որովհետեւ ոչ մէկ քայլ որդեգրուած է` կանխարգիլելու համար նախորդ օրերուն պատահածը:
Ապահովական Կեդրոնական
Խորհուրդի Նիստ
Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը եւ արձանագրուած ուղղակի սպառնալիքներն ու այլ երեւոյթներ քննարկելու նպատակով, երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ ներքին գործոց նախարարի եւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Մարուան Շարպելի եւ Շաքիպ Քըրթպաուիի:
Նիստէն ետք Շարպել հաստատեց, որ Սայտայի մէջ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ ամէն բան կը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին:
Անդրադառնալով նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքերի կողմէ ուղղուած սպառնալիքներուն` Շարպել շեշտեց, որ անոնք արձանագրուած են ընդհանուր դատախազութեան մօտ եւ ընդհանուր դատախազութիւնը իր ցանկացած պահուն կը հարցաքննէ խնդրոյ առարկայ անձը:
Շարպել հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնները նման սպառնալիքներուն դիմաց լուռ չեն մնար:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն` Շարպել յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին սպառնալ: «Ոչ մէկը կրնայ միւսին սպառնալ: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է գիտակցի իր պատասխանատուութեան», շեշտեց Շարպել:
Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահը մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին վայրկեանը պիտի մնայ հզօր, այնքան ատեն որ ան սահմանադրութեան ու երկրին կանոններուն գործադրութեան կառչած կը մնայ:
Իր կարգին, Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինչպէս գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները պատասխանատու են, նոյնպէս եւ պատասխանատու է տեղեկատուութեան մարզը` իբրեւ չորրորդ իշխանութիւն:
Քըրթպաուի յայտնեց նաեւ, որ դատական իշխանութիւնները պիտի շարունակեն խիստ հետապնդումի ենթարկել առեւանգողներն ու թմրեցուցիչի առեւտրականները:
Արսալի Մէջ Ապահովական Խախտում
Արսալի եւ Լապուէի ճամբուն վրայ երէկ զինեալներ զետեղեցին անցարգել մը, որուն միջոցով անոնք ստուգեցին անցորդներուն ինքնաթուղթերը` արգիլելով Արսալի բնակիչներուն Լապուէ մուտքը:
Ցաւալի եւ խոցելի ճշմարտութիւնը մնաց այն, որ զինեալները այս քայլերը որդեգրեցին լիբանանեան բանակին իսկ ներկայութեան:
Աւելի ուշ Արսալի բնակիչները կրակ բացին անցարգել զետեղող զինեալներուն դէմ, ինչ որ բանակը մղեց միջամտելու եւ իր հակակշիռը պարտադրելու փորձ կատարեց զոյգ շրջաններուն մէջ:
Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի բնակիչներէն ստանձնեց Սալեհ Ապտալլան, որ հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի Ռաֆեք հովիտի սպանութեան հարցով:
Իրենց կարգին, Արսալի կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Լապուէ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լապուէի հեղինակութիւններուն հետ` ընդգծելով սադրանքներուն դէմ դնելու կարեւորութիւնը:
Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազ շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին բանակին եւ լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ:
Արսալի բնակիչներուն իբրեւ զօրակցական կեցուածք երեկոյեան ժամը 6:00-ին փակուեցաւ դէպի Մասնաայի սահման տանող միջազգային ճամբան: Երկու ժամ ետք փակուեցաւ նաեւ Զահլէ-Սաատնայել ճամբան:
Երեկոյեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հիմնուելով կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ ցուցադրուած այն երեւոյթներուն վրայ, թէ Սայտայի եւ Պեքաայի մէջ բանակը կը թերանայ իր առաքելութեան մէջ, բանակի հրամանատարութիւնը ներքին հետաքննութիւն բացած է:
Բանակը լրատուամիջոցներուն յորդորեց նկատի ունենալ երկրին ապահովական կացութիւնը եւ ցեխարձակումներ չուղղել զինուորականներուն հասցէին:
Երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք փակուեցաւ նաեւ Թաալպայա-Սաատնայել ճամբան առ ի զօրակցութիւն Արսալին: Լիբանանեան բանակը փորձեց վերաբանալ ճամբան, բայց հանդիպեցաւ զինեալներու կրակոցներուն: Փոխադարձ հրացանաձգութեան իբրեւ արդիւնք վիրաւորուեցաւ 4 հոգի. լրագրական աղբիւրներ նշեցին, որ հիւանդատար ինքնաշարժները կ՛ուղղուին Թաալպայա:
Գիշերուան ժամը 10:30-էն սկսեալ առ ի զօրակցութիւն Արսալի քաղաքացիներ հրկիզուած անիւներով փակեցին նաեւ Պէյրութի Մարզական աւանի եւ Քոռնիշ Մազրաայի ճամբաները:
Թրիփոլիի Ապի Սամրա Շրջանին Մէջ
Զինեալ Բախումներ
Բանակին կողմէ Զիատ Հասսուն անունով երիտասարդի մը ձերբակալութեան դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն, երէկ խումբ մը երիտասարդներ փակեցին Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանը Մաժտալիային կապող ճամբան:
Նախքան ճամբուն փակումը, Ապի Սամրայի մէջ զինեալներ կրակ բացին բանակին վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց եւ բանակին միջեւ զինեալ բախումներու:
Բախումներուն իբրեւ արդիւնք վիրաւորուեցաւ Սամի Հասսուն անունով քաղաքացի մը:


