Կարէն Միրզոյեանի Կեցուածքը` Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Ղեկավարներուն Յայտարարութեան Մասին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ յայտարարութիւնը եւ նշեց, որ «կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն շահագրգռուածութիւնը` ուղղուած Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծման, որ արտայայտուած է 18 յունիսին` միացեալ յայտարարութեամբ: Տուեալ յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ համանախագահող երկիրներու վճռական դիրքորոշումը` բացառել զինուորական գործողութիւններու վերսկսման կարելիութիւնը եւ նպաստել տագնապի խաղաղ լուծման»:
Կարէն Միրզոյեան միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ նկատեց անգամ մը եւս հաստատել Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը առ այն, որ «լուծման հոլովոյթին մէջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար պարտադիր պայման կը հանդիսանայ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը` անոր բոլոր փուլերու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական եւ ուղղակի մասնակցութեամբ, որուն Ազրպէյճան ամէն կերպով կը խոչընդոտէ»:
«Մենք յոյս ունինք, որ խաղաղ լուծման ջանքերու աշխուժացման ուղղուած կոչը լսելի պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի մէջ եւ անոր ղեկավարութիւնը կը հրաժարի միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ սկզբունքները ընտրովի մեկնաբանելու փորձերէն, շրջանին մէջ լարուածութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտը խորացնելէն, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրողութիւնները անտեսելէն:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, հանդիսանալով բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելք գտնելու եւ երկրին ու ժողովուրդի ապագային անմիջականօրէն վերաբերող որոշումներ տալու մէջ ամէնէն շահագրգիռ կողմը, պատրաստ է շարունակելու ջանքեր գործադրել երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար»:

