Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Միանայ Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներուն Նպաստող Ընկերութիւններուն Մէջ Ներդրումները Բացառելուն

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչները միացան «Ներդրումներ ցեղասպանութեան դէմ» ընկերութեան եւ մասնակցեցան ամերիկեան մեծ ներդրող հանդիսացող «Ֆիտելիթի» հիմնադրամի բաժնետէրերու հետ հանդիպման:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն նպաստող վարչակարգերուն օգնող ընկերութիւններուն մէջ ներդրումներէն խուսափելու հարցը:

Հիմնադրամի բաժնետէրերուն հետ հանդիպման մասնակցեցան Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան եւ Հայ դատի գործիչ Տիգրան Կալիգեան:

Հանդիպման ժամանակ բաժնետէրերը պահանջեցին, որ հիմնադրամի ղեկավարող խորհուրդը թափանցիկ ընթացակարգեր իրականացնէ` ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն նպաստող երկիրներու ընկերութիւններուն մէջ ներդրումները բացառելու համար:

Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան յայտնեց, որ «Ֆիտելիթի»-ի բաժնետէրերուն հետ հանդիպումը ցոյց տուած է, որ միլիոնաւոր ամերիկացիներ կը ցանկան ներդրումներ կատարել այն ընկերութիւններուն մէջ, որոնք կապուած չեն ցեղասպանութիւններու հետ:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ «Ներդրումներ ցեղասպանութեան դէմ» ընկերութիւնը իրենց գործունէութեան միջազգային ուղղուածութիւն պիտի հաղորդեն` յանցաւոր վարչակարգերուն յատկացուող տնտեսական աջակցութեան վերջ տալու համար», յայտնեց Յակոբեան:

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքը քարիւղի ընկերութիւններուն եւ շատ մը այլ ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ գործել Սուտանի մէջ: Որոշումը կը մեկնաբանուի անով, որ «Ֆիտելիթի»-ն եւ ամերիկեան բազմաթիւ այլ տնտեսական կառոյցներ արտասահմանեան բազմաթիւ քարիւղի ընկերութիւններուն մէջ մեծ ներդրումներ կը կատարեն, եւ այդ ընկերութիւններն ալ իրենց հերթին ներդրումներ կը կատարեն Սուտանի մէջ` անուղղակիօրէն օգնելով այդ երկրին կառավարութեան կողմէ իրականացուող ցեղասպանութեան:

Share this Article
CATEGORIES