Վարդանեան Իրական Լարուածութիւն Կը Նկատէ Կառավարութեան Եւ Վերահսկիչ Պալատին Միջեւ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովին մէջ քանի մը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի երէկուան յայտարարութեան, նշեց, որ, բնականաբար կարելի չէ մսխել պիւտճէին 70 առ հարիւրը, ատիկա անհեթեթ է: Ըստ անոր, Վերահսկիչ պալատի նախագահը, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին խօսելով գնումներուն եւ շինարարութեան մարզերուն մէջ առկայ խնդիրներուն մասին, յայտնած է, որ 2013 թուականի պետական պիւտճէի շինարարութեան եւ գնումներու մարզերուն կ՛առնչուի ծախսային մասի մօտ 701 միլիառ դրամը, որ շինարարութեան եւ գնումներու մարզը վտանգաւոր կը նկատուի, ինչ որ երբեք չի նշանակեր 700 միլիառ դրամի մսխում:
Վերահսկիչ պալատի տարեկան հաշուետուութեան քննարկումներու ամէնէն կարեւոր մասը կը նկատուի այն, որ առաջին անգամ յանկարծ կառավարութիւնը անդրադարձաւ Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան, թէ պէտք է պաշտպանուիլ, փաստարկներ բերել, հիմնաւորել, որ միակողմանի չըլլան այդ քննադատութիւնները, եւ առաջին անգամ փոխվարչապետը հանդէս եկաւ իբրեւ յարակից զեկուցող եւ պատասխանեց հարցումներուն:
«Ստեղծուեցաւ վիճակ մը, երբ Վերահսկիչ պալատը եւ կառավարութիւնը հակադիր դիրքերու վրայ կը գտնուէին: Անշուշտ, փորձեցին քաղաքակիրթ ձեւակերպումներով պահել հեռաւորութիւնը, բայց յստակ է, որ այստեղ շատ լուրջ լարուածութիւն կայ», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան: Դաշնակցական պատգամաւորը իր համոզումը յայտնեց, որ այդ լարուածութիւնը իրական է, այլ ոչ թէ բեմադրուած, հակառակ պարագային` կառավարութիւնը այդքան աշխուժօրէն չէր ներգրաւուեր այս հոլովոյթին մէջ եւ վարչապետն ալ այսօր յայտարարութիւն չէր կատարեր:
Միւս կողմէ` քաղաքական մեծամասնութիւնը սկսաւ յայտարարել` «ի՞նչ կ՛ուզէք, մենք մեր թերութիւնները կը բացայայտենք, մեր սխալներուն մասին կը խօսինք», բայց չէ՞ որ Վերահսկիչ պալատը քաղաքական մեծամասնութեան գործիքը չէ, որ իրենք ըսեն` մենք մեզ կը բացայայտենք: Վերահսկիչ պաշարը անկախ մարմին է`ըստ սահմանադրութեան:
«Յստակ է նաեւ, որ քաղաքական մեծամասնութիւնն ալ, կառավարութիւնն ալ վստահ չեն` լաւ, այս ամէնը, որ կը ներկայացուի, ի՞նչ դիրքորոշում ունի նախագահը անոր վերաբերեալ: Քաղաքական մեծամասնութիւնը վստահ չէ` որքա՞ն կրնայ հակադարձել Վերահսկիչ պալատին: Բայց յստակ է, որ հոլովոյթները կը բացուին», յայտարարեց Վարդանեան եւ աւելցուց` պատահական չէ, որ իշխանութեան մէջ փոխադարձ տեղեկութիւններու արտահոսք է եւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան:
Դաշնակցական պատգամաւորը համոզում յայտնեց նաեւ, որ Վերահսկիչ պալատը, իր այսօրուան կառոյցով, կազմով ի վիճակի չէ ամբողջական, առարկայական իրականութիւն ներկայացնել, պէտք է փոխել հաշուետուութեան ձեւաչափը:

