Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան մը կը պատրաստուիք: Լաւ նախաձեռնութիւն է, հարկ է որ այժմէն պատրաստուիք` միշտ նկատի առնելով յարմարագոյն սակով տոմս մը ունենալու հարցը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինչ որ ընէք, ըրէք դասաւորուած եւ կանոնաւոր: Այս կերպ աշխատանքը ժամանակ կը շահեցնէ, իսկ դուք դիւրութեամբ կ՛աւարտէք օրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատակցութիւն մը կամ գործակցութիւն մը կրնայ անբաղձալի բնոյթ ստանալ: Կարելիութիւն չունի՞ք չեղեալ նկատելու այս գործակցութիւնը, որպէսզի գլխացաւ կամ զղջում չունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքէն բացի, նաեւ պիտի ունենաք տնային գործեր, ինչ որ հաճելի պիտի չթուի ձեզի, բայց պիտի կատարէք ստիպողաբար: Հոգ մի՛ ընէք, յարմարեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ջանացէք համակերպիլ օրուան կացութեան, դրական կամ ժխտական հարցեր ըլլան անոնք թէ ոչ: Գոհունակութեամբ դիմաւորեցէք օրը, մի՛շտ իմաստութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ անուշադրութեամբ թերացում մը ունեցած էք, մի՛ սրտնեղիք: Պատահական բաներ են, նկատի մի՛ առնէք, մոռցէք: Հետեւեցէք ձեր վաղուան կատարելիք աշխատանքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր խօսքը լսողներ կան, հետեւաբար արտայայտեցէք ձեր գնահատանքը: Եթէ ըսելիք ունիք, հարկ է ըլլաք անկեղծ եւ արտայայտուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հակառակ ձեր ունեցած վերաբերումին` խոհեմ ըլլալու, պիտի փորձուիք կարեւոր գումար մը տրամադրել անիմաստ գնումի մը: Հեռու մնացէք մանկամիտ տրամադրութիւններէ, ձեր դրամին արժէքը գիտցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք ուժը` յաղթահարելու ստեղծուած բացասական հարցերը: Այս իմաստով դժուարութիւն չէք ունենար, իւրաքանչիւր հարցի կու տաք յարմար լուծում մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր առողջութեան վերաբերեալ կատարած քննութիւնը դրական արդիւնք պիտի տայ: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք գոհունակութեան խաղաղ պահեր: Մնացէք լաւատես ամէն պարագայի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը բարեկամական է եւ տօնական: Պիտի ունենաք նոր հանդիպումներ, անշուշտ` օգտակար եւ հաճելի: Պիտի զգաք հոգեկան գոհունակութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրեր կան, երբ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ երկար մնալ անկողինին մէջ` հանգստանալու մտադրութեամբ: Այս սովորութիւնը շատ մի՛ կրկնէք, կը ծուլանաք:

