50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1963)
Կարտինալ Ճիովաննի Մոնթինի
Պապ Ընտրուեցաւ
Գահակալութեան Հանդէսը Տեղի Պիտի Ունենայ
Յունիս 30-Ին Եւ Նորընտիր Պապը Պիտի Ստանայ
Պօղոս Զ. Անունը
Փակարանի գումարման երկրորդ օրը, եւ` 5-րդ քուէարկութեան, 80 կարտինալները, որոնք չորեքշաբթիէն ի վեր փակուած էին Սիքսթինեան մատուռին մէջ, ընտրեցին Կաթողիկէ եկեղեցիին նոր հովուապետը` յանձին Միլանոյի առաջնորդ կարտինալ Ճիովաննի-Պաթիսթա Մոնթինիի:
Ընտրութիւնը աշխարհին ծանուցուեցաւ ժամը 12:22-ին (Պէյրութի ժամ)` շնորհիւ Վատիկանի վերեւ բարձրացող սպիտակ ծուխին: Անմիջապէս Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ ուրախութեան խանդավառ ալիքներ բարձրացան, եւ լուրը քանի մը վայրկեանէն փոխանցուեցաւ համայն աշխարհին: Ժամը 13:00 չեղած` Պէյրութի եւ Լիբանանի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին:
Պատճառն այն է, որ պապի մը ընտրութիւնը երբեք այսքան մեծ հետաքրքրութեամբ չէր սպասուած ոչ միայն կաթողիկէութեան, այլ նաեւ ամբողջ քրիստոնէութեան եւ համայն աշխարհին կողմէ, որքան` այս անգամ: Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդը անոր գործին շարունակողը պիտի ըլլա՞ր:
Կարտինալ Մոնթինի, որ պապ դառնալով` ընտրեց Պօղոս Զ. անունը, ազատական մը ըլլալու համբաւն ունի ու կը նկատուի «ձախակողմեան պապ» մը, եթէ այս բացատրութիւնը կարելի է տալ կաթողիկէ քահանայապետի մը: Արդարեւ, եթէ ընկերային տեսակէտէն ձախակողմեան է` Պօղոս Զ., որ երբ կարտինալ էր, չվախցաւ հրապարակային հաւաքոյթի մը ընթացքին քասքեթ մը դնելու, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, թէ ամէնէն մօտիկ գործակիցներէն մէկը եղած է Պիոս ԺԲ.ի: Երբ այս վերջինը մեռաւ, նոյնիսկ խօսուեցաւ Մոնթինիի մասին, անոր յաջորդելու համար, բայց այս վերջինը տակաւին կարտինալ չէր:
Ամէն պարագայի տակ, ընտրութենէն անմիջապէս ետք, պահպանողական հոսանքի պետ կարտինալ Ալֆրետօ Օթթաւիանիի ցոյց տուած ուրախութիւնը փաստ մըն է, որ անոր ընդդիմութիւնը անհետացած էր երէկ առտուան քուէարկութենէն առաջ:
Նոր պապը այսօր` շաբաթ, ձայնասփռուած իր առաջին պատգամը պիտի տայ աշխարհին, կարտինալներու երրորդ պատարագէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 11:00-ին, Սիքսթինեան մատուռին մէջ:
Գահակալութեան հանդէսը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի մէջ:
Կարտինալ Մոնթինիի ընտրութիւնը խոր գոհունակութիւն ստեղծեց համայն աշխարհի մէջ, բացի Սպանիայէն, ուր եկեղեցին եւ պետութիւնը դէմ էին անոր, նկատի ունենալով, որ քանի մը ամիս առաջ, միջամտած էր զօրավար Ֆրանքոյի մօտ` ի նպաստ համայնավար մահապարտի մը:
Մասնաւորաբար գոհ են Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր պաշտօնապէս ծանուցուեցաւ, թէ նախագահ Քենետի, Իտալիա կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին, պիտի տեսակցի պապին հետ:
Հայկազեան Քոլեճի
Հայ Շրջանաւարտները
Երէկ` ուրբաթ երեկոյ տեղի ունեցաւ Հայկազեան քոլեճի ամավերջի վկայականաբաշխման հանդէսը:
Այս տարի վկայական ստացան հետեւեալ հայ ուսանող-ուսանողուհիները.
ՊՍԱԿԱՒՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ` Վարդուհի Անթոյեան, Լիւսի Աբրահամեան, Անահիտ Խանճեան, Զուարթ Մարտիրոսեան, Գէորգ Գարապոյաճեան, Եսայի Սարմազեան, Յակոբ Թերճիմանեան:
ՍՈՖՈՄՈՐԷՆ` Մարի Աբրահամեան, Եսթեր Այնեճեան, Սեդա Պարսամեան, Լիւսի Քարլոզեան, Սոնա Խրիմեան, Սոնա Ներսէսեան, Ռիթա Դեղարարեան, Խաչիկ Պագգալեան, Գէորգ Պէրպէրեան, Զոհրապ Տիշաղճեան, Եղիշէ Հաճաճեան, Մանուկ Միսիրեան, Ոսկան Մոմճեան:
Ճեմարանի Փայլուն Յաջողութիւնը
Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութեանց Մէջ
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աւարտական դասարանէն հետեւեալ եօթը հոգին յաջողութեամբ անցուցած են ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւնները.
Շաղիկ Փափազեան, Կարօ Սիւրմէլեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Վահէ Չէօփճեան եւ Ռուբէն Սիմոնեան:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ սերթիֆիքայի մէջ յաջողած է Ազգային Մեսրոպեան վարժարանէն Աւետիս Պարմաքսըզեան-Գէորգեան` Ե. դասարանէն:

