Միջատները Ճաշի Կը Նստին
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս շրջանին միջատները մեծ վնասներ կը հասցնեն բազմաթիւ երկիրներու հունձքերուն: Կարգ մը միջատներ կը յարձակին նոյնիսկ համակարգիչներուն վրայ:
Մատակասքար կղզիին մէջ մարախի տեսակ մըն է, որ աւերներ կը գործէ: Փետրուար ամսուն կղզիին վրայէն անցած մրրիկէն ետք, այդ մարախի թրթուրները բազմապատկուեցան խոնաւութեան պատճառով:
Իբրեւ հետեւանք` աւելի քան 500 միլիառ մարախ «թափեցաւ» Մատակասքարի գիւղացիներուն դաշտերուն վրայ: Այդ մարախները կը կազմեն բազմաթիւ քիլոմեթրեր մեծութիւն ունեցող ամպ մը, որ կը տեղափոխուի ժամական 20 քմ. արագութեամբ:
Երբ անոնք դաշտը վերջապէս կը լքեն, հոն ոչինչ կը մնայ: Մատակասքարի բնակչութիւնը, որ արդէն շատ աղքատ է, կրնայ ահաւոր սովի շրջան մը ապրիլ:
* * *
Ափրիկէի մէջ ճերմակ ճանճ մըն է, որ հիւանդութիւն մը կը յառաջացնէ մանիօքի բոյսերուն վրայ: Այս բոյսը դիւրին մշակուող արմատ մըն է եւ հիմնական ուտելիքն է 250 միլիոն ափրիկեցիներու: Ճերմակ ճանճին յառաջացուցած հիւանդութիւնը այդ արմատը անպէտք կը դարձնէ: Գիտնականները հաւաքուած են եւ կը փորձեն այս հիւանդութեան առաջքը առնել:
* * *
Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելքը ականատես կ՛ըլլայ մրջիւններու նուաճումի մը. մրջիւններ, որոնք շատ կը սիրեն ուտել… համակարգիչներ:
«Քրէյզի անթս» (խենթ մրջիւններ) անուանուած մրջիւնները ելեկտրոնային նիւթեր կը փնտռեն իրենց բոյները շինելու համար: Ըստ գիտնականներուն, այս մրջիւնները ելեկտրոնային նշաններ կ՛արձակեն միւսներուն ուղղութեամբ, երբ անոնք ելեկտրական հոսանք մը կը ստանան: Իբրեւ արդիւնք, միւս մրջիւնները կը խուժեն…
* * *
Մինչ Միացեալ Նահանգներու արեւելքը կը պատրաստուի նաեւ ուրիշ տեսակի միջատներու ներխուժումին: Սակայն այս մարախին տեսակները Մատակասքարի մարախներուն նման վնաս պիտի չհասցնեն: Ասոնք միլիառաւոր ճպուռներ են, որոնք գետնէն դուրս պիտի ելլեն: Թրթուրները գետնին տակ մնացած են 17 տարիներու ընթացքին: Անոնք բոլորը միւսին գետնէն դուրս պիտի ելլեն բազմապատկուելու եւ յառաջացնելու նոր սերունդ մը, որ պիտի ծնի 17 տարիներ ետք…
Ճպուռները չեն խայթեր, բան մը չեն կլաներ: Սակայն անոնք կ՛աղմկեն:
Ո՞ր Անասունները Հոյամողէսներէն
Սերած Են
Հոյամողէսները… թռչուններուն նախահայրերն են: Գիտնականներուն համար, 160 միլիոն տարիներ առաջ, կարգ մը հոյամողէսներու մարմնին վրայ յառաջացած փետուրները կը փաստեն այս տեսութիւնը:
Սկզբնական շրջանին փետուրները կը ծառայէին հոյամողէսներուն մարմինը պաշտպանելու դուրսի ջերմաստիճանէն: Միլիոնաւոր տարիներ ետք այս փետուրները գոյներ ստացած են. անոնք կը ծառայէին հոյամողէսները իրարմէ զանազանելու: Ապա, դարձեալ միլիոնաւոր տարիներ ետք, հոյամողէսները կը սկսին թռչիլ:
Ինչո՞ւ այս թռչող հոյամողէսները վերապրեցան, մինչ ուրիշ հոյամողէսներ անհետացան 65 միլիոն տարիներ առաջ: Գիտնականները տակաւին պատասխան մը չեն գտած: Սակայն վստահ մէկ բան կայ. երբ դուն թռչուն կ՛ուտես, կարծես հոյամողէս կ՛ուտես:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Մեր երկրագունդին վրայ բոլոր ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած անասուններուն աւելի քան 99 առ հարիւրը կորսուած են:
- Մարդ արարածները աշխարհի վրայ ապրած են 200 հազար տարիներէ ի վեր. մինչ հոյամողէսները մեր մոլորակին վրայ ապրած են մօտաւորապէս 160 միլիոն տարի:
- Արծիւի մը որջը կրնայ բազմոցի մը չափ մեծ ըլլալ:
- Երկրագունդին ջերմաստիճանը թեթեւօրէն կը բարձրանայ, երբ լուսինը լման կ՛ըլլայ:
- Էվերեսթը մօտաւորապէս 27 անգամ աւելի բարձր է, քան` Էյֆել աշտարակը:
- Յօրանջները փոխանցիկ են շեմփանզեներուն մօտ, ինչպէս փոխանցիկ է մարդ արարածներուն մօտ:
- Թիթեռնիկները պէտք է իրենց թեւերը արեւուն տակ տաքցնեն թռչելէ առաջ:
- Մեր մորթէն 6.5 սմ քառակուսի բաժինին վրայ գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 6 միլիոն մանրէ:
- Արեւադարձային վայրի անտառներուն մէջ կ՛ապրի աշխարհի միջատներու բնակչութեան 80 առ հարիւրը:
- Նորածին կապոյտ կէտ մը կրնայ չափահաս փիղի մը չափ մեծ ըլլալ:
- Կարգ մը գիշերային թիթեռնիկներ կը խմեն փիղերու արցունքները:
- Աշխարհի հանքերու մէջի ամբողջին ոսկին կրնայ լեցնել Ողիմպիական երկու լողաւազան:
- Կոկորդիլոսները երբեմն կը քալեն գետաձիերուն կռնակներուն վրայէն:
- Կարելի է գնել կեղծ թարթիչներ եւ յօնքեր` շինուած իսկական մազէ:
- Որքան աւելի ամփոփուիս, այնքան աչքերդ կը թարթես:
Հետաքրքրական
- Նորվեկիացի լրագրող մը եւ հեղինակ մը 23 մայիսին կտրած են ամէնէն երկար հարցազրոյցի մրցանիշը: Այդ հարցազրոյցը տեւած է 30 ժամ, ամէն ժամը անգամ մը 5 վայրկեան դադարով: Այդքան երկար տոկալու համար անոնք պատրաստած էին հարցումներու երկար ցանկ մը` ամերիկացի նախագահներուն մասին, ոստիկանական վէպերուն մասին, Ֆրանսայի պատերազմին յաջորդող քաղաքականութեան մասին… Եթէ այս հարցազրոյցը տպուի, անիկա կրնայ հաստափոր մը կազմել:
- Ֆիլիփինեան կղզիներու գիւղերէն մէկուն մէջ գիւղապետի պաշտօնի երկու թեկնածուները ընտրութիւններուն հաւասար ձայներ ստացան: Անոնք որոշեցին նոր գիւղապետը ընտրել մետաղադրամ մը նետելով երկու անգամ օդին մէջ, եւ երկու անգամին ալ մետաղադրամը նոյն կողմին վրայ ինկաւ:
- Փերուի մէջ նոր օրէնքի մը հիմամբ այլեւս արգիլուած է դպրոցներուն մէջ ոչ առողջարար ուտելիքներու (իւղոտ ուտելիքներ, կազային խմիչքներ…) ծանուցումներ դնել: Դպրոցներուն մէջ խոհանոցներ ալ պիտի հաստատուին. հոն աշակերտները պիտի կարենան տաք ճաշեր ուտել: Փերուի մէջ չորս մանուկի վրայ մէկը շատ գէր է:
- Իտալիոյ մէջ տնտեսական տագնապին պատճառով ժողովուրդը կը նախընտրէ գործածել փոխադրական նուազ ծախսալի միջոցներ, ինչպէս` հեծիկը: Այս ձեւով, երկու տարիէ ի վեր իտալացիները շատ աւելի հեծիկ կը գնեն, քան ինքնաշարժներ: Միակ անպատեհութիւնը` հեծիկի յատուկ ուղիներու պակասը:
- Վենեզուելան պակասը ունի… բաղնիքի թուղթէ թաշկինակներու: Կառավարութիւնը պէտք է 79 միլիոն տոլար յատկացնէ դուրսէն գնելու այդ թուղթէ թաշկինակները, ինչպէս նաեւ` օճառ, ակռայի դեղ… Այս երկիրը ունի քարիւղի աշխարհի ամէնէն մեծ պահեստները, սակայն ան միշտ աւելի նուազ անմիջական կարիքներու նիւթեր կ՛արտադրէ: Հետեւաբար, երբ անոր պահեստները կը վերջանան, պէտք է քանի մը շաբաթ սպասել, մինչեւ որ նոր ապրանքը հասնի:
- Անոր անունը Պոլթ է, աշխարհի ամէնէն արագ մարդուն` Ժամայքայի Ուսէյն Պոլթի նման: Ան «սուփըր» աղաւնի մըն է, որ արագութեան բազմաթիւ մրցումներ շահած է` ըստ իր պելճիքացի տիրոջ: Թռչնաբոյծը ստիպուած եղած է բաժնուելու իր ախոյեանէն եւ միւս 530 աղաւնիներէն, որովհետեւ ան անոնց հանդէպ գերզգայնութիւն ունեցած է:
Այս «սուփըր» մարզիկ-թռչունը ծախուեցաւ աւելի քան 400 հազար տոլարի, աճուրդի մը ընթացքին. գնողը հարուստ չին մըն է: Այս ձեւով ան դարձաւ աշխարհի ամէնէն սուղ աղաւնին:
- Անգլիոյ մէջ Սալֆորտ քաղաքի բնակիչները կը մտածեն ձեւեր գտնել, որպէսզի մանուկներ շատ չգիրնան: Այս ծրագիրներէն մէկն է դպրոցներուն շուրջ տապկուած գետնախնձորներ ծախելը արգիլել կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն առաջ: Անշուշտ շատ մարդիկ ուրախ չեն այս որոշումներով:
Ժամանց













