Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ

«Իննսուն երկա՜ր տարիներ ի սպաս հայ մանուկին…
Հռիփսիմեանցը իննսունամեայ Լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ…»:

2012-2013 տարեշրջանի աւարտին, իննսունամեայ  կրթական ամրոցին շառաւիղը դարձած ոսկի  հունձքը ժողվելու` մանկապարտէզի դեռատի մանուկներու  հանդէսներ   վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ երեք տարբեր թուականներով ներկայացուեցան:

Առաջին հերթին, կիրակի, 2 յունիս 2013-ին Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու սիրասուն մանուկները իրենց խորոտիկ շարժուձեւերով եւ պարերով, մեղրածորան արտասանութիւններով հմայեցին հանդիսականները:

Ծաղկոցի մատղաշ փոքրիկները, առանձին հանդէսով մը, իրենց դողդոջուն քայլերով, հրեշտակային  ժպիտներով եւ անմեղունակ հեծկլտուքներով բեմ բարձրացան իրենց մասնագէտ մանկավարժ դաստիարակներու առաջնորդութեամբ եւ  դասընթացքի բնոյթով ներկայացուած զանազան պատկերներ, պարեր, երգեր եւ արտասանութիւններ ներկայացուցին:

Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը տարեշրջանի եզրափակիչը հանդիսացաւ. 43 կենսունակ մանուկներ, որպէս կատարեալ դերակատարներ, հանդէս եկան տոհմիկ երգերով, պարերով, երաժշտութեամբ, նաեւ տիրացած` լիբանանեան, ֆրանսական լեզուներուն: Զանազան հրահանգներու ծիրին մէջ հազիւ 5-6 տարեկան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ամբողջ տարուան մը ընթացքին յատուկ կերպով շեշտը դրին կենսոլորտային նիւթին վրայ: Անոնք սորվեցան արժեւորել բնութեան գեղեցկութիւնը եւ մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջավայրի պահպանումը` կենսոլորտի ապականման դէմ զանազան միջոցառումներու եւ գործունէութիւններու ընդմէջէն: Նաեւ ծանօթացան վերամշակումի զանազան ձեւերուն: Երեք թատերական ներկայացումներով հրապուրեցին ներկաները: Ֆրանսերէն թատրոնին ընդմէջէն ներկայացուցին կենսոլորտային բնոյթով թատերակ մը, ապա Լիբանանի մշակոյթը բնութագրող արաբերէն  ներկայացում մը բեմականացուցին: Իսկ հայերէն թատրոնը կը ներկայացնէր Հռիփսիմեանց վարժարանի 90-ամեայ պատմականը: Գրեթէ անթերի կատարողութեամբ ներկայացումներով եւ բծախնդրօրէն պատրաստուած  թատերակներով Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները պարեցին, երգեցին ու ներկաները հմայեցին:

Տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ անդրադառնալով շրջանաւարտներուն` ըսաւ.  «Սա մեր նորագոյն սերունդն է, որ արդէն անթերիօրէն երեք լեզուներով կը կարդայ, կը գրէ, կը խօսի, կը տրամաբանէ: Հայկական կրթօճախի ճշգրիտ դիմագիծն է այս: Ուրախ, տաքուկ, ջերմ միջավայրի մէջ, որպէս իրենց հարազատ տունը, մեր փոքրիկները վայելեցին անսահման սէր, գուրգուրանք, հոգածութիւն, բայց նաեւ սորվեցան ըլլալ պատասխանատու, գիտակից հայ մանուկներ լիբանանահայ խրոխտ մանուկներ, աստուածասէր, ընկերասէր քրիստոնեայ մանուկներ: Հպարտ` իրենց պատկանելիութեամբ թէ՛ լիբանանեան հայրենիքին, թէ՛ Հայաստան մեր մայր հայրենիքին»: Տնօրէնուհի քոյրը շարունակեց իր խօսքը. «Այսօր արդէն անոնք հասան առաջին մեկնակէտին: Վաղը, ոչ շատ հեռու ապագային, անոնք հաստատ, անխոտոր ու անսայթաք պիտի ընթանան նոյն այս յարկին տակ, Հռիփսիմեանց հոգիով, շունչով ու տեսլականով պիտի ընթանան կրթական, ուսումնական ընտիր ճանապարհէն` հասնելու բարձրագոյն վկայականներու, արժանավայել դիրքերու, պատուաբեր քաղաքացիի տիպարով, ճշմարիտ հայու, իսկական լիբանանցիի անշեղ կենցաղով…»:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը օրհնութեան աղօթքով մը փակուեցաւ, որուն յաջորդեց յիշատակի խմբանկար մը:

Վարձքը կատար` Հռիփսիմեանց մեծ ընտանիքի ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանին, որ անխոնջ ու յարատեւ հոգածութեամբ մօտէն հետեւեցաւ շրջանաւարտներու եւ մանկապարտէզի մատղաշ աշակերտներու ընթացքին:

90-ամեայ այս  կրթօճախը պիտի մնայ միշտ վէմի վրայ` որպէս ապարանք լուսաշող, որուն շառաւիղներուն ընդմէջէն սերունդներ յաւերժօրէն պիտի ճառագայթեն:

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES