Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Կիրակի, 9 յունիսին, կէսօրէ առաջ  ժամը 11:30-ին,  Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը կը ներկայացնէր պալատ մը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, Ծաղիկ դասարանէն Քրիստ Դարբինեան եւ Լոռի  Պզտիկեան արտասանեցին բացման խօսքը ու նշեցին, թէ հանդէսը նուիրուած է հայ մօր: Ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով չափական եղանակի  կշռոյթով, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:

Հանդէսը կը ներկայացնէր թատրոն մը, ուր  թագաւորն ու թագուհին կ՛ուզէին վարձատրել  իրենց պարկեշտ ու աշխատասէր պաշտօնեաները եւ կատարել անոնց  փափաքները: Ուստի, յաջորդաբար բեմ  բարձրացան հողագործը, արաբ սպասաւորը,  հայ սպասաւորը եւ խոհարարուհին, մինչ  փոքրիկները մէջընդմէջ հանդէս եկան` պալատական, հողագործներու, արաբական, հայկական ու չափական պարերով: Ապա,  թագուհին իր մօտ կանչեց պալատական  մանուկ մը, որ մտահոգ էր իր մօր տխրութեամբ  եւ խրատեց, որ ան միշտ հնազանդ ըլլայ ու իր  աշխատասիրութեամբ ուրախութիւն պատճառէ   մօրը:

Յովսէփ Կիւրիւնեան երգեց «Աստուածաշունչ  իմ փոքրիկ» երգը, տրուած ըլլալով, որ մայրը  յաճախ նշուած է Աստուածաշունչին մէջ:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները, իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին  ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց  տրամադրուած ընտանեկան նկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ ու ներկայացուցին մօր նուիրուած հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն երգեր  ու  արտասանութիւններ:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք խօսք առաւ քոլեճի մանկապարտիզպանուհի Վերա Ստեփանեանը, որ վեր առաւ մօր դերը  ընդհանրապէս եւ հայ մօր դերը  մասնաւորապէս` իր զաւակներու  դաստիարակութեան եւ ազգի հայեցի  դիմագիծի պահպանման մէջ: Ան շեշտեց, որ  փոքրիկները պարտին միշտ հնազանդ ու  երախտագէտ ըլլալ իրենց ծնողներուն: Մանկապարտիզպանուհին իր ու անձնակազմին անունով շնորհաւորեց վկայեալները, որոնք պիտի ստանային իրենց կեանքի առաջին վկայականը եւ անոնց մաղթեց աւելի բարձր  վկայականներ: Վ. Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած են հանդէսի յաջողութեան. ապա բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը:

Տնօրէնը խօսք առնելով, անդրադարձաւ հայ  մօր դերակատարութեան, շեշտելով, թէ  հայ  մայրը հերոսներ ծնած ու պատմութիւն կերտած  մայր  է: Ապա անդրադառնալով  ուսուցիչներու  դերին` աւելցուց. «Մայրերու բանակին մաս կը  կազմէ նաեւ հայ ուսուցիչը, որ հայ մօր կողքին,  գրիչ-զէնքը ձեռքին, առանց  յուսահատելու  կամ  ընկրկելու, արհամարհելով  բռնատիրութիւններու եւ աւելի ուշ սփիւռքի  դժուարութիւնները` կերտեց ու կը շարունակէ  կերտել հայրենիքէն դուրս, սակայն հայրենիքի  սիրով ողողուած սերունդներ: Հայ ուսուցիչը,  այս պարագային` մանկապարտէզի  ուսուցչուհին, ամէն օր սիրով կը ստանձնէ մօր  դերը, իր գուրգուրոտ թեւերուն տակ կ՛առնէ  այս  փոքրիկները  եւ կը փորձէ ոչ միայն մարդ, այլեւ հա՛յ մարդ կոփել անոնցմէ»:

Տնօրէնը  մաղթեց,  որ 12 տարի ետք, նոյն  բեմին վրայ հանդիպինք նոյն այս սերունդին  ու  բարի  երթ  մաղթենք  անոր  դէպի  փայլուն  ապագայ:

Իր  խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց մանկապարտէզի ուսուցչուհի Մարալ  Գլընճեանը, որ ճամբորդութեան պատճառով  պիտի հեռանայ Լիբանանէն, շնորհակալութիւն  յայտնեց անոր ու յուշանուէրով մը պատուեց  զայն:

Հանդէսին ներկայ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան  խօսք առնելով` շնորհաւորեց վկայուող փոքրիկները, անոնց ծնողներն ու կրթական պատասխանատուները ու «Պահպանիչ»-ով  կատարեց հանդէսին փակումը:

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան

Ծաղիկ 1

Սելլա Գազանճեան, Նաթէլ Հաւաթեան, Քրիսթել Մագասճեան, Սէրլի Մարկոսեան, Փաթիլ Ունճեան, Լոռի Պզտիկեան, Կասիա-Լորա Սարգիսեան, Քրիստ Ատուրեան, Կրեկ Գազանճեան, Քրիսթոֆըր Գասպարեան, Արման Դանիէլեան, Քրիստ Դարբինեան, Յովսէփ Կիւրիւնեան, Մովսէս Շաքարեան, Մարք Չագըրեան, Էլի-Վահէ Պասմաճեան  ,  Յակոբ Ստեփանեան, Կարօ Սարգիսեան,  Սէրուժ Տէր Սարգիսեան,  Ճոն Քելեշեան եւ  Հրակ Քենտիրճեան:       

Ծաղիկ 2

Սելին Եղիայեան, Փաթիլ Զգուշեան, Արինա Կիւլեան, Կարին Մանճիկեան, Մեղեդի Յովհաննէսեան, Լուչիա Պետիկեան, Մարիպել Սարգիսեան, Միհրան Ամպարճեան, Յակոբ Գոճայեան, Վարագ Գույումճեան, Մարք Թիւֆենքճեան, Շահան Թիւֆենքճեան, Յակոբ-Արա Հաճիմանուկեան, Ռայըն Հարմանտեան,  Նարեկ Մինասեան, Մարք Շամլեան, Էմանուէլ Սարգիսեան, Յակոբ Սարգիսեան, Անթընի Սոլաքեան, Սթիւ Տեմիրճեան եւ Սարհատ Քիւչիւքեան:

Share this Article
CATEGORIES